Պաքուի Մէջ Էրտողան – Ալիեւ Հանդիպում

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 12-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ երեքշաբթի օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած:

Ձայնասփիւռի կայանը կ՛աւելցնէ, որ հանդիպումին մասնակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ եղբայրական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Share this Article
CATEGORIES