Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Գրասենեակը Ո՛Չ Պարաք Օրամային, Ո՛Չ Ալ Միթ Ռոմնիին Պիտի Սատարէ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը յայտարարած է, որ ո՛չ նախագահ Պարաք Օպաման, ո՛չ Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնին վաստկած են հայ համայնքի աջակցութիւնը 6 նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն:
«Պարաք Օպամա, որ չկատարեց իր խոստումները եւ նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնի, մեր համայնքը մտահոգող խնդիրներուն շուրջ հանրային զեկուցումով հանդէս չեն եկած` վաստկելու ամերիկահայերուն քուէները», ըսած է է Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Քեն Խաչիկեանը:
Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան հարցով ամերիկահայերը յուզող խնդիրներուն շուրջ կը շարժի Անգարայի եւ Պաքուի թելադրանքով:
Նախագահ Պարաք Օպամա 2008-ին ունէր Հայ դատի գրասենեակի աջակցութիւնն ու ամերիկահայերուն քուէները եւ բազմիցս խոստացած էր աշխատիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ամերիկահայերը յուզող այլ խնդիրներու, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման ուղղութեամբ, եւ կը վայելէր ամերիկահայ առաջնորդներուն հետ գործուն համագործակցութիւնը:
Նախագահ Օպամա չկատարեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը` իշխանութեան առաջին 90 օրերուն իր վարչակազմի միջոցով մինչեւ ապրիլ 24 Երեւանին ընդունել տալով «ճամբու քարտէսն» ու արձանագրութիւնները, որոնք իրեն տուին քաղաքական ծածկ` խոստումը խախտելու համար:
Խոստումը խախտելու ամէնէն ակնառու օրինակը եղաւ Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ արտայայտուիլն ու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յայտարարութիւնը` Ցեղասպանութեան պատմական բանավէճ ըլլալու վերաբերեալ:
Նախագահի առաջին ազդանշանը, որ պիտի խախտէր խոստումը, եղաւ 2009-ի մարտին, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ան չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը, բայց նշեց, որ իր «անձնական» տեսակէտը այս հարցով չէ փոխուած:
Նախագահը չկատարեց իր խոստումները նաեւ այլ մարզերու մէջ: Ան, ինչպէս խոստացած էր, չփնտռեց «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական լուծում` հիմնուած ամերիկեան ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ», փոխարէնը ազրպէյճանամէտ Մեթիու Պրայզան նշանակեց Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
Ղեկավարման 4 տարիներուն ընթացքին, հակառակ օգնելու խոստման, նախագահ Օպաման փորձեց կրճատել Հայաստանին տրուող աջակցութիւնը: Թէեւ իբրեւ թեկնածու ան խոստացած էր մեծցնել առեւտրաշրջանառութիւնը Հայաստանի հետ, սակայն որեւէ էական քայլ այս ուղղութեամբ չեղաւ: Ան նաեւ չկատարեց ամերիկահայ համայնքին հետ առաւել գործուն աշխատելու խոստումը. 4 տարիներու ընթացքին ան գոնէ մէկ անգամ համայնքին հետ հանդիպում չունեցաւ:
Նախագահի հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնին` Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետը, նահանգ, ուր կը բնակի ամերիկահայ ամէնէն վառ համայնքը, իր կառավարման (նահանգապետի պաշտօնին), ինչպէս նաեւ քարոզարշաւի ընթացքին ոչինչ յայտարարած է հայկական հարցերուն վերաբերեալ: Ան նաեւ չէ հանդիպած եւ չէ խորհրդակցած հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ:
Այս պահու դրութեամբ ո՛չ Ռոմնին, ո՛չ նախագահ Օպաման արձագանգած են Հայ դատի գրասենեակի բազմաթիւ գրաւոր դիմումներուն` հայ համայնքը հետաքրքրող հարցերուն վերաբերեալ իրենց տեսակէտները հրապարակայնօրէն ներկայացնելու հարցով:
Անցեալ շաբաթ երկու կազմակերպութիւններ` յունական եւ հայկական համայնքները, որոնք շուրջ 5 միլիոն ներկայացուցիչ ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, միասին կոչ ուղղած են Միթ Ռոմնիին եւ Պարաք Օպամային` վերջ տալու հայկական եւ յունական խնդիրներուն շուրջ լռութեան: «Մենք պահանջած ենք հանրութեան ներկայացնել այն առաջնահերթութիւնները եւ սկզբունքները, որոնք իրենց վարչակազմերը պիտի իրագործեն շուրջ 5 միլիոն քաղաքացի ունեցող հայ եւ յոյն համայնքներու համար», ըսուած էր անոնց միացեալ յայտարարութեան մէջ:

