Եւրոպական Միութիւնը Հանդուրժողականութեան Մասին Օրինագիծ Մշակած Է

Եւրոպական Միութիւնը հանդուրժողականութեան մասին մշակած է օրինագիծ մը, որուն գլխաւոր նպատակը ցեղապաշտութիւնը, կրօնական խտրականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ամբողջութեամբ արմատախիլ ընելն է: Միաժամանակ, օրինագիծը կ՛երաշխաւորէ շարք մը ազատութիւններ, օրինակ` դաւանանքի ընտրութեան եւ ազատ տեղաշարժի: Սակայն կ՛արգիլուի հանդուրժողականութեան քողի տակ հասարակական կարգ խախտելը կամ պետութեան անվտանգութեան վնասելը:

«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ մօտիկ ապագային օրինագիծը պիտի քննարկուի Եւրոպական Միութեան յանձնախումբերուն մէջ:

Հանդուրժողականութեան մասին օրինագիծին մշակումով աւելի քան հինգ տարի զբաղած է Հանդուրժողականութեան եւ հաշտեցման հարցերով եւրոպական խորհուրդը` Լեհաստանի նախկին նախագահ Ալեքսանտր Քվասնիեւսքիի գլխաւորութեամբ: Փորձագէտներու խումբին մէջ եղած են գիտնականներ Իսրայէլէն, Էսթոնիայէն, Զուիցերիայէն եւ Գերմանիայէն:

 

Share this Article
CATEGORIES