Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Սուր
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Սուր, ուր յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծել:
Ան շեշտեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ դրած է զանոնք ազատ արձակելու առումով:
Էօզեըլտըզ ըսաւ, որ իրենք քաջ գիտեն, թէ այս հարցը լիբանանցիներուն համար նուրբ է, եւ այդ պատճառով ալ ճիգ չեն խնայած այդ իմաստով:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Լիբանան կատարած այցելութեան` Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Իպրահիմիի այցելութիւնը կարեւոր է եւ մաղթեց, որ անոր ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին, յատկապէս` զինադադարի հաստատման առումով: «Մենք կը փափաքինք Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան աւարտը վկայել», ըսաւ Էօզեըլտըզ:
CATEGORIES Լիբանանեան

