Պըրրի. «Ժահժահ Ինծի Չի Կրնար Տանիլ, Ես Եմ, Որ Զինք Կը Տանիմ Եւ Իրեն Կը Հանդուրժեմ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի վերաբերող հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ: Քննարկուեցան ընտրական օրէնքին կապուած հարցեր:
Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ինք չի կրնար Պըրրին տանիլ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Պըրրի ըսաւ. «Ժահժահ իրաւունք ունի. ինք չի կրնար տանիլ ինծի. ես եմ, որ զինք կը տանիմ եւ իրեն կը հանդուրժեմ»:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ինք հաստատած է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքին:


