«Կառավարութիւնը Չի Ձգձգեր Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսականներուն Յաւելումը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ երկրին տնտեսական կացութեան մասին կայացուց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երկրին տնտեսական կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վկայած գործադուլերուն:
Վարչապետը ակնարկեց Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին կատարած գործադուլին` շեշտելով, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն յատկացուելիք ամսականներու յաւելումը եւ ոչ մէկ ձեւով ձգձգում կ՛արձանագրէ այդ մէկը կատարելու առումով: «Սակայն այդ օրէնքը խորհրդարան փոխանցելու համար կառավարութիւնը կարիքը ունի նաեւ պատրաստելու ֆինանսաւորման օրէնք մը, որպէսզի այդ օրէնքը ըլլայ ամբողջական: Պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն իրաւունքէն ոչինչ պիտի զեղչուի, սակայն ամսականները ամբողջական կերպով վճարելու դժուարութիւն կայ», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը ամբողջական կերպով նկատի կ՛ունենայ երկրին տնտեսական կացութիւնը եւ ըստ այնմ որոշումներ կու տայ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին թեթեւցնել նաեւ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը եւ վաւերացնել նաեւ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:
Ակնարկելով տուրքերուն` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ տուրքերը միջակ դասակարգին վրայ պիտի չպարտադրուին:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կը հսկէ նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած սղաճին:


