Ըստ Ժաք Ֆորի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Յառաջիկայ Օրերուն Հանդիպում Մը Պիտի Ունենան

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆոր յայտնած է, թէ համանախագահները պիտի այցելեն շրջան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումէն ետք:

«Հարցը որոշուած է, նախարարներուն հանդիպումը պիտի կայանայ շուտով` յառաջիկայ օրերուն», ըսած է Ֆոր:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան Tert.am-ի հարցումին ի պատասխան ըսած է, որ այցելութեանց եւ նախարարներու հանդիպումներուն մասին պատշաճ ժամկէտներուն պիտի հաղորդուի:

Share this Article
CATEGORIES