ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՒԱՔ` ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
Մարդու իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ 24 ապրիլին Սուլթանահմետ` Իսլամ գործերու թանգարանի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ հաւաք մը:
Այս առիթով խօսք արտասանեց Մարդու իրաւունքներու միութեան փաստաբան Էրեն Քեսքին, որ ըսաւ, թէ 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործադրուած յանցանք է:
Քեսքին բացատրեց, որ այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ թանգարանի շէնքին դիմաց, որովհետեւ անիկա նախապէս Պոլսոյ կեդրոնական բանտն էր եւ 24 ապրիլ 1915-ի գիշերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականները հոն հաւաքուեցան, որպէսզի հոնկէ Հայտարփաշա ղրկուին, ապա ճամբայ հանուին դէպի Անատոլուի զանազան աքսորավայրեր: Ան նշեց, որ ձերբակալուածներու կարգին էին նաեւ Կոմիտաս վարդապետ, ինչպէս նաեւ այլ նշանաւոր դէմքեր: Ըստ Քեսքինի, այս ցեղասպանութեան պատճառով հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն մը սրբուեցաւ Անատոլուէն:
Քեսքին յիշեցուց, որ Մարդու իրաւունքներու միութիւնը ամէն տարի կը խօսի Ապրիլ 24-ի մասին` պահանջելով, որ Թուրքիա վերջ տայ այս ուրացումին եւ բոլոր իրաւական հետեւանքներով ընդունի յանցագործութիւնը: «Միայն այն ատեն է, որ պիտի հանգստանան հոգիները գերեզման չունեցող այն մեռելներուն, որոնք կը ննջեն հոսող գետերու կամ հովիտներու, անդունդներու խորը: Այն ատեն է, որ արդարութիւնը գործադրուած պիտի ըլլայ», ըսաւ փաստաբան Քեսքին:
Ապա հաւաքին մասնակիցները մեխակներ զետեղեցին հրապարակին վրայ եւ ծառերէն կախեցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր, թէ հայ մտաւորականները հո՛ս է, որ բանտարկուեցան առաջին գիշերը: