Ընդունելով Լիբանանի Դահուկարշաւի Նոր Ֆետերասիոնը Քամիլ Ռըզքալլա Յայտարարեց,Որ Պիտի Զօրակցի Եւ Պիտի Կանգնի Անոր Կողքին
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ Քամիլ Ռըզքալլա երէկ իր գրասենեակին մէջ (Տըպպայէ) ընդունեց Լիբանանի դահուկարշաւի նոր ֆետերասիոնին անդամները` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէի:
Իր խօսքին մէջ Ռըզքալլա ըսաւ, որ ընտրուած նոր ֆետերասիոնը բաւական դժուարին գործ ունի կատարելիք, որովհետեւ անիկա պէտք է յաջողցնէ իւրաքանչիւր մրցաշարք, որ կը կազմակերպէ:
Ան աւելցուց ըսելով, որ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ նոր ֆետերասիոնին եւ բնականաբար այդ մէկը կատարելով պիտի կանգնի անոր կողքին:
Սալամէ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ռըզքալլայի անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը` առ ի երախտագիտութիւն:
CATEGORIES Մարզական


