Ողիմպիական Խաղերու Մետալակիրները Ստացան Դրամական Պարգեւներ

Երէկ` ուրբաթ, 19 հոկտեմբերին, «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը Երեւանի «Լա Փիացցա» ճաշարանին մէջ պարգեւատրեց 2012-ի Ողիոպիական խաղերու մետալակիրները, կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:

Ողիմպիական փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան ստացաւ 25 հազար ամերիկեան տոլար:

Պրոնզէ մետալակիրներ` Արթուր Ալեքսանեան եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան ստացան 15 հազարական ամերիկեան տոլար:

Իսկ մետալակիր մարզիկներուն անձնական մարզիչները պարգեւատրուեցան մէկական միլիոն դրամով:

Այս պարգեւատրումին ընթացքին շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղուեցան Խուրշուդեանին, որ նոր պսակուած էր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES