Հայաստան 18 Դիրքի Նահանջ Մը Արձանագրեց
Հակառակ անոր որ ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն դասաւորումը պիտի հրապարակէ յառաջիկայ 7 նոյեմբերին, սակայն Football-rankings.info կայքը ժամանակէն առաջ հրապարակեց զայն:
Լուրը, որ կը հաղորդէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը, կը յայտնէ, որ հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը 18 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով պիտի գրաւէ 82-րդ դիրքը:
Բնականաբար, ասիկա հետեւանք է Հայաստանի հաւաքականին կատարած վերջին 3 մրցումներուն, որոնց ընթացքին կրեց 2 պարտութիւն:
Սպանիա պիտի շարունակէ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ` իր ետին ձգելով Գերմանիան (2-րդ) եւ Արժանթինը (3-րդ):
CATEGORIES Մարզական

