Հարցազրոյց` Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինի Անդամ Րաֆֆի Աւետիսեանի Հետ

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի լրագրող Զարմիկ Պօղիկեանին հարցազրոյցը` Շտապ օգնութեան մարմինի անդամ Րաֆֆի Աւետիսեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչպիսի պահանջներու բերումով կազմուեցաւ հալէպահայութեան Շտապ օգնութեան մարմինը եւ ի՞նչ էր անոր կազմութեան նպատակը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապին պատճառով, հայ համայնքին բաժին ինկած դժուարութիւնները համահայկական ջանքերով եւ աշխատանքներով դիմագրաւելու համար յառաջացաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան կեդրոնական մարմին մը, գլխաւորութեամբ Հայ երեք համայնքապետներուն, մասնակցութեամբ հայկական երեք կազմակերպութիւններուն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Սուրիահայ օգնութեան խաչին:

Հ.- Ի՞նչպիսի աշխատելաձեւ որդեգրած է սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան մարմինը, Սուրիոյ տագնապին պատճառով սուրիահայութեան բազմապիսի կարիքներուն հասնելու համար:

Պ.- Կեդրոնական մարմինին կողքին, գործնական աշխատանքներու համար Սուրիոյ իւրաքանչիւր հայահոծ շրջանի մէջ գործադիր մարմիններ յառաջացնելու կարիքը զգացուեցաւ: Հալէպի մէջ յառաջացաւ հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմին, որուն մաս կազմեցին երեք յարանուանութիւններու, հայկական երեք կազմակերպութիւններու եւ Հալէպի մէջ գործող բարեսիրական եւ մշակութային համարեա՛ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս` Սուրիահայ օգնութեան խաչի, Կրթասիրաց մշակութային միութեան, «Գերմանիկ- «Վասպուրական» մշակութային միութեան, Ազգային մշակութային միութեան եւ այլն: Ուրֆայի «Վերածնունդ» միութիւնը, հակառակ այս մարմինին մէջ ներառուած ըլլալուն, սակայն իր մասնակցութիւնը չբերաւ աշխատանքներուն:

Աւելցնենք, որ հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմինը յառաջացուց նաեւ օժանդակ յանձնախումբեր, իւրաքանչիւրը` օժանդակութեան մարզի մը մէջ գործի մղելու միտումով:

Հ.- Հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմինը ցարդ ի՞նչ աշխատանքներ տարած է պատերազմական վիճակէն տուժածներուն օժանդակելու համար:

Պ.- Սկզբնական շրջանէն իսկ, օրուան կացութեան իբրեւ արդիւնք, յառաջացան օժանդակութեան երեք ենթաբաժանումներ պատերազմէն վնասուողներուն համար` սննդեղէնի յատկացման, առողջապահական օժանդակութիւններու եւ բնակարանային վնասուածքներու համար: Ներկայիս, սակայն, անգործութեան պատճառով յառաջացած տնտեսական դժուարին կացութեան բերումով, սննդեղէնը սկսանք բոլոր դիմողներուն մատակարարել եւ ոչ թէ միայն տուժած ընտանիքներուն:

Մինչեւ այսօր մեծ քանակութեամբ սննդակողովներ յատկացուած են առանց խտրութեան բոլոր ներկայացողներուն, որոնք իրենց ընտանեկան տետրակը բերելով` կը ներկայանան եւ ըստ օրուան պայմաններուն` տեղւոյն վրայ, կամ մէկ օր վերջ կը ստանան սննդակողովը: Սննդակողովը կը պարունակէ 4 հոգինոց ընտանիքի մը համար մօտ 1 ամսուան սննդամթերք:

Առողջապահական օժանդակութիւններուն մէջ նկատի կ՛առնուին բոլոր անոնք, որոնք հրակոծութեանց կամ պայթումներու պատճառով վնասուած կամ վիրաւորուած են, պարագաներ կան, որոնց նիւթապէս օժանդակած ենք ըստ կարելիութեան, այլ պարագաներ հիւանդանոց փոխադրած ենք ու յաճախակի այցելութիւններով հետեւած ենք անոնց առողջապահական վիճակին:

Վնասուած բնակարաններու պարագային, մինչեւ Նոր Գիւղ շրջանի զանգուածային վնասներու հանգրուանը, Շտապ օգնութեան մարմինի ներկայացուցիչները կ՛այցելէին բոլոր այն բնակարանները, որոնք հրթիռներու կամ ռմբահարումներու պատճառով վնասուած կ՛ըլլային, եւ ըստ դէպքին ու կարելիութեան, նիւթապէս կ՛օժանդակէին այդ բնակարանատէրերուն: Այսօր, սակայն, մեծաթիւ բնակարաններ վտանգաւոր շրջաններու մէջ կը գտնուին, անոնցմէ մաս մը մեծ վնասներու ենթարկուած է, յիշեալ բնակարաններու վնասներուն հանգրուանային կերպով եւ ըստ անհրաժեշտութեան լուծումներ պիտի տրուին:

Հ.- Անոնք, որոնք իրենց բնակարանները կորսնցուցին կամ բնակարանային լուրջ վնասներ կրեցին, ո՞ւր ապաստանեցան:

Պ.- Նոր Գիւղ շրջանին մէջ բնակարանային վնասներ կրողները մեծ մասամբ իրենց հարազատներուն տուները ապաստանեցան, անոնց մէկ մասին սննդակողովներով ու դեղորայքով օգտակար դարձանք, քանի մը տասնեակ ընտանիքներ ալ պատսպարեցինք Բերիոյ հայոց թեմի ազգային կալուածներէն «Պետիկեան» շէնքին մէջ, անհատ բարերարներ ալ ունեցանք, որոնք իրենց բնակարանները յատկացուցին Շտապ օգնութեան մարմինին` զանոնք տրամադրելու համար անպատսպար մնացած հայ ընտանիքներուն:

Հ.- Հանրութիւնը ինչպէ՞ս կը տեղեկանայ վերոյիշեալ օժանդակութիւններու յատկացումներուն, իսկ օժանդակութեան կարիք ունեցողները ի՞նչ միջոցներով կը դիմեն ձեզի:

Պ.- Շտապ օգնութեան մարմինը սկզբնական շրջանին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուց  ծրագիրները` յատուկ հեռախօսահամարներ զետեղելով հաղորդագրութեան մէջ:

Սոյն հաղորդագրութիւնը թերթիկներու վրայ տպուելով` բաժնուեցաւ նաեւ հանրութեան`եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն ճամբով: Հանրութիւնը մարմինի աշխատանքներուն կը տեղեկանայ նաեւ եկեղեցիներու թաղականութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատներու ճամբով:

Օժանդակութեան կարիք ունեցող ոեւէ անհատ կրնայ ներկայանալ Շտապ օգնութեան մարմինի կեդրոն, ներկայացնել իր ընտանեկան տետրակը եւ ստանալ համապատասխան օժանդակութիւն:

Շտապ օգնութեան մարմինի աշխատանքներու վայրը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահն է: Այնտեղ տեղի կ՛ունենան մարմինին ժողովները եւ ընդհանրապէս բարեսիրական աշխատանքները, սակայն քաղաքին մէջ կան նաեւ քանի մը այլ կեդրոններ, որոնք եւս կը ծառայեն նպաստներու յատկացման, ինչպէս` Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահի կեդրոնը, Սիւլէյմանիէի «Վրացեան» կեդրոնը, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ որեւէ դէպք պատահելու պարագային, երիտասարդ տղաք անմիջապէս հասնին օգնութեան եւ պէտք եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերեն մեր հայրենակիցներուն, օրուան բոլոր ժամերուն: Օրինակ` եթէ հրդեհ մը պատահած է, կամ վիրաւոր մը, անկար մը յայտնուած, տեղւոյն վրայ տղաքը օգնութեան կը հասնին: Շտապ մարմինին առընթեր, հայ երիտասարդներ կան, որոնք ամէն ձեւով կը հասնին բնակչութեան պահանջներուն, ամէնէն վտանգաւոր պայմաններու մէջ անգամ:

Հ.- Աշխատանքներու ընթացքին ինչպիսի՞ դժուարութիւններու կը հանդիպիք:

Պ.- Սկզբնական շրջանին մեր հիմնական դժուարութիւնը անփորձութիւնն էր, որովհետեւ թէ՛ գաղութը եւ թէ՛ աշխատողները առաջին անգամն էր, որ կը դիմագրաւէին պատերազմական վիճակի իբրեւ հետեւանք յառաջացած այսպիսի դժուարութիւններ: Երկրորդ դժուարութիւնը նիւթական սահմանափակ կարելիութիւններն են` անսահման կարիքներու դիմաց: Սակայն փորձառական իմաստով, օրերու թաւալումով, Շտապ օգնութեան մարմինը եւ անոր կողքին գործող օժանդակ յանձնախումբերը որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին եւ գործը սկսաւ աւելի կազմակերպուած ձեւով ընթանալ:

Հ.- Պետական կողմերէ, Հայկական այլ գաղութներէ կամ հայրենիքէն որեւէ օժանդակութիւն ստացա՞ծ էք կամ կը նախատեսէ՞ք ստանալ:

Պ.- Մարմինը ցարդ յարաբերած է Սուրիական կարմիր մահիկին հետ, որմէ կարգ մը օժանդակութիւններ ստացած է, նաեւ քրիստոնէական բարեսիրական կարգ մը կողմերու հետ որոշ աշխատանքներ ծաւալած է: Պետութենէն ակնկալութիւնները շատ են, սակայն օրուան կացութեան լոյսին տակ, այսօր մեծ սպասումներ չունինք, մեր ենթայանձնախումբը աշխատանք կը տանի, որ վնասուած տուներու, կալուածներու, ինքնաշարժներու փոխհատուցման աշխատանքին գծով օգտակար դառնայ մեր ժողովուրդին, պետական համապատասխան գրասենեակներու միջոցով:

Նախքան մարմինին կազմութիւնը, նիւթական ներդրում ստացանք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրոյէն եւ անհատ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանէն, ապա Շտապ օգնութեան մարմինը կազմող կողմերէն փոքր գումարներ յատկացուեցան: Նուիրատուութիւններ եղան նաեւ Հալէպի անհատ բարերարներու եւ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի անհատներու կողմէ:

Խոստումներ կան, որ բոլոր հայկական շրջաններու օժանդակութիւնները, որոնք պիտի հաւաքուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ բացուած յատուկ հաշուեհամարին տակ, յառաջիկայ օրերուն պիտի հասնին մեզի:

Հ.- Որպէս վերջին խօսք` ի՞նչ կը փոխանցէք մեր ընթերցողներուն:

Պ.- Բարձր կը գնահատենք Շտապ օգնութեան մարմինին օժանդակող բոլոր յանձնախումբերը, երիտասարդները եւ ժողովուրդի մեծ մասը, որոնք գիտակցելով օրուան կացութեան` կը համագործակցին եւ կը փորձեն մեր աշխատանքը դիւրացնել: Նկատի ունենալով մեր բոլորին հոգեկան վիճակն ու տրամադրութիւնները` կ՛ակնկալենք, որ մեր ժողովուրդը ամէն պարագաներու տակ համագործակցութեան ոգի ցուցաբերէ, որպէսզի բոլորս` ձեռք-ձեռքի, հալէպահայութեան բոլոր բաղադրիչներու ճիգերու մէկտեղումով, կարենանք յաղթահարել մեր դիմաց ցցուող այս արտակարգ դժուարութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES