Միջազգային Կարճ Լուրեր
ԻՐԱՔԵԱՆ քաղաքական աղբիւրներ քուէյթեան «Ուաթան» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի իրեն մօտիկ անձերու յայտնած է, որ ռուս-չեխ-իրաքեան յարաբերութիւնները մտահոգիչ են` նշելով, որ «քիւրտերը այդ ուղղութեամբ քայլերուն վախով կը նային»:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի հաստատեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ Իսրայէլի մէջ Եգիպտոսի նոր դեսպանի առաջադրման վերաբերող եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի ուղղուած նամակը, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցի մը կողմէ հրապարակուեցաւ, իսկական է: Ան նշեց, որ 17 յունիս 2012 թուակիր նամակը յատուկ անձի մը ուղղուած չէ, այլ` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կը բանաձեւուի, ըստ եգիպտական փրոթոգոլին, եւ անձնական կեցուածքի արտայայտութիւն չէ:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ 2013-ին Իրանի դէմ յարձակում մը բացառուած է` Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ նախագահը ո՛վ որ ալ ըլլայ: Պարբերաթերթը կը նշէ, որ միակ հաստատ բանը այն է, որ 2013-ը իրանեան հիւլէական ռումբի ճակատագիրին համար վճռական պիտի ըլլայ:

