Իրանն Ու Միացեալ Նահանգները Կը Հերքեն Երկկողմանի Ուղղակի Բանակցութիւններ Վարելու Մասին Լուրերը
Երէկ Թեհրան հերքեց շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը երկկողմանի բանակցութիւններ կը վարեն վերջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ:
«Ոչ մէկ քննարկում կամ ուղղակի բանակցութիւն կը կատարենք Միացեալ Նահանգներու հետ», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհին` դիտել տալով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին նախկին ձեւաչափով:
Շաբաթ օր, Միացեալ Նահանգներ նոյնպէս հերքած էին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ին տարածած այն լուրերը, որոնց համաձայն, երկու կողմերուն վարած գաղտնի քննարկումները յանգած են սկզբունքային համաձայնութեան մը` վարելու ուղղակի բանակցութիւններ:
«Սխալ են շրջան ընող այն լուրերը, թէ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի ըլլան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Թոմի Վիեթորը:
Երկու կողմերը շեշտեցին, որ ներկայիս բանակցութիւնները կը կատարուին «5+1» ձեւաչափով, այսինքն` ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներուն` Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ «5+1»-ը ամբողջ տարուան մը ապարդիւն բանակցութիւններէն ետք կ՛ըսեն, թէ տակաւին առիթ կայ բանակցելու` միաժամանակ պատժամիջոցներ որդեգրելով Թեհրանի դէմ:

