Նալբանդեան Ընդունեց Յանուն Ժողովրդավարութեան Եւ Համերաշխութեան Եւրոպական Ֆորումի Պատուիրակութիւնը
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Յանուն ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան Եւրոպական ֆորումի պատուիրակութիւնը` փոխնախագահ Եան Մարինուս Վիերսմայի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Քրիսթիան Վիկենինը, Մարիա Մունիզ Տէ Ուրքիզան եւ Էդիթ Հերցոգը, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու շարք մը փորձագէտներ:
Հանդիպման ընթացքում զրոյցը ընթացաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, այդ շրջագիծին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, Ընկերակցութեան համաձայնագիրի, խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերեալ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացին մասին: Զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերեալ նախաստորագրուած համաձայնագիրը, որ հանդիպման մասնակիցներուն բնորոշումով պիտի խթանէ մարդկային յարաբերութիւնները եւ փոխանակումները Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն միջեւ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհրդարանական ձեւաչափին շուրջ` ընդգծելով, որ ատիկա կարեւոր դեր կը կատարէ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու գործին մէջ:
Հիւրերուն խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթի էութիւնը, Ազրպէյճանի ապակառուցողական քայլերը: Այս շրջագիծին մէջ նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Եւրոպական Միութեան միանշանակ արձագանգը Սաֆարովի գործարքին վերաբերեալ, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած դատապարտող բանաձեւը:

