Տեսակէտ. Հոլլանտի Ընտրական Խոստումի Գործադրութիւնը Կը Յետաձգուի

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

28-30 սեպտեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական փառատօն մը, որուն բացումը կատարեց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Էկեմեն Պաղըշ: Նկատառելի երեւոյթով մը, բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան զբօսաշրջութեան, կենսոլորտի եւ մշակոյթի նախարարը: Փառատօնին նպատակը թրքական մշակոյթի, պատմութեան եւ արուեստի ջատագովումն էր: Եռօրեայ փառատօնէն շուրջ մէկ շաբաթ ետք, ֆրանսական ոստիկանութիւնը երկրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ գործողութիւններուն ծիրին մէջ, ի միջի այլոց, ձերբակալեց Եւրոպայի մէջ քիւրտ զինեալներու ղեկավարն ու երեք քիւրտ զինեալներ:

Թուրքիան սիրաշահելու այս քայլերը կարելի է տեղադրել 21 մայիսին Շիքակոյի մէջ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն` Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Ապտիւլլա Կիւլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումով ընթացք առած եւ Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան աւարտով սկիզբ առած նոր ժամանակաշրջանի ընթացքին թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու հոլովոյթին ծիրին մէջ:

«Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ 18 հոկտեմբերին Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդի համանախագահները հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ընկերվարական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի հետ, որուն ուշադրութեան յանձնած են, թէ «ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչները անհամբեր կը սպասեն նախագահի եւ Ընկերվարական կուսակցութեան խոստումներուն իրականացման»: Լը Ռու պատասխանած է, որ Ֆրանսայի իշխող մեծամասնութեան կամքը չէ փոխուած եւ ինք ընկերվարական խմբակցութեան պիտի յանձնարարէ «պատրաստել բանաձեւ մը, որ պիտի ներկայացուի հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարման առաջին տարուան աւարտէն առաջ»` աւելցնելով, որ «պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնեմ, որպէսզի աջակցիմ եւ օգնեմ երկրի նախագահին` իր պարտաւորութիւնները կատարելու հարցին մէջ»:

Այլ խօսքով, ան յայտարարած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին հարցով զբաղելու լիազօրուած եմ, այդ հարցը ինծի հետ կրնաք քննարկել, ուստի նախագահը հանգիստ ձգեցէ՛ք եւ անոր հետ հանդիպում մի՛ ակնկալէք»: Աւելի՛ն. ան հայկական կողմին ուշադրութեան կը յանձնէ, որ օրինագիծի ներկայացումը, որ նախատեսուած էր հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն, յետաձգուած է մինչեւ 15 մայիս 2013` Հոլլանտի նախագահական երդումի արարողութեան առաջին տարեդարձը:

Յստակ է, որ Ֆրանսայի նախագահը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ բանալու նպատակի իրագործումը չվիժեցնելու համար կը վարէ ընտրական խոստումի գործադրութեան ձգձգումի քաղաքականութիւն մը, որուն պատճառով ալ բնականաբար կը խուսափի Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ուղղակի հանդիպումէն` այդ պարտականութիւնը վստահելով երեսփոխան Լը Ռուի:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES