Օպամայի Եւ Ռոմնիի Վարկանիշերը Հաւասարած Են
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներ Պարաք Օպամայի եւ Միթ Ռոմնիի միջեւ երրորդ եւ վերջին պատկերասփռուած բանավէճէն առաջ անոնց վարկանիշերը հաւասարած են:
Նախորդ երկու հանդիպումներէն առաջինին ընթացքին յաղթանակ արձանագրած էր հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի, իսկ երկրորդին` գործող նախագահ Պարաք Օպամա:
Ըստ վերջին հարցախոյզներուն, թեկնածուներէն իւրաքանչիւրին զօրակցած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին:
CATEGORIES Միջազգային

