Եգիպտոս Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Կազայի Դէմ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնել Եւ Կազայի Պաշարումը Անընդունելի Եւ Մերժելի Կը Նկատէ
Եգիպտոսի կառավարութիւնը Իսրայէլէն եւ անոր բանակէն պահանջեց Կազայի դէմ զինուորական մագլցողական քայլերը անմիջապէս դադրեցնել:
Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Օսման «Քուտս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «պաշարուած Կազայի դէմ բռնագրաւումի (Իսրայէլի) որեւէ զինուորական մագլցում անարդարանալի է եւ Եգիպտոս զայն կտրուկ կերպով կը մերժէ»:
Օսման նշեց, որ իր երկիրը տեղական, միջազգային եւ արաբական կողմերու հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ` Կազայի մէջ զինադադարի ամրապնդումը ապահովելու եւ նոր պատերազմի մը բռնկումը արգիլելու համար»:
Եգիպտոսի դեսպանը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ուղղեց Կազայի դէմ որեւէ զինուորական արշաւ դադրեցնելու` վստահեցնելով, որ այս առումով Եգիպտոսի կեցուածքը շատ յստակ է եւ կտրուկ կերպով մերժողական: Ան պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերէն պահանջեց «երկու կողմերուն միջեւ զինադադարին յանձնառու ըլլալ եւ գետնի վրայ կացութիւնը չհրահրել»:


