Քուէյթի Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ Տասնեակներով Վիրաւորներ Կը Պատճառեն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քուէյթի կառավարութեան դէմ քարիւղով հարուստ երկրին պատմութեան մէջ աննախադէպ տարողութեամբ ցոյցերու ընթացքին տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Բժշկական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ միայն իշխանական հիւանդանոցը 29 վիրաւոր հիւրընկալած է: Աղբիւրը նշեց, որ անոնց վիճակը ծանր չէ, եւ անոնց մեծամասնութիւնը արցունքաբեր կազ շնչելու կամ ապահովութեան ուժերուն կողմէ մահակներու կամ վահաններու հարուածներ ստացած է:
Ընդդիմադիր աղբիւրներ յայտնեցին, որ ցոյցին մասնակցողներուն թիւը 50 հազար էր, ինչ որ երեք միլիոն բնակչութիւն եւ հարիւր հազար քաղաքացիներ ունեցող Քուէյթի պատմութեան մէջ աննախադէպ է:
CATEGORIES Միջազգային

