«Ասատ Սուրիոյ Մէջ Ազգային Եւ Կրօնական Փոքրամասնութեանց Երաշխաւոր Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց երաշխաւոր կը նկատուի»: Ան ըսաւ, որ Ասատ «Սուրիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութեանց, ներառեալ` քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող անձնաւորութիւն կը նկատուի, նոյնիսկ մեր արեւմուտքցի բարեկամներուն մեզի հետ դռնփակ հաղորդակցութեանց ընթացքին ամէնէն պահպանողական գնահատականին համաձայն: Բնակչութեան ոչ նուազ քան մէկ երրորդը կը շարունակեն անոր աջակցիլ, որովհետեւ անձնաւորութիւն մըն է, որ կոչ ուղղեց, որ Սուրիա չվերածուի երկրի մը, ուր փոքրամասնութիւնները չեն կրնար ապրիլ»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «դուրսէն պարտադրուած դեղատոմսեր երբեք չեն կրնար իրագործել տեւական արդիւնքներ, որոնք կրնան շարունակուիլ»` աւելցնելով, որ «այդպիսի արդիւնքներու կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան ճամբով»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի օգնականը յայտարարեց, որ «մօտ օրէն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ սուրիական երկխօսութիւն մը պիտի տեսնենք»:
Մինչ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Ատհայի տօնին օրերուն Սուրիոյ մէջ զինադադարի կողքին կը կանգնի», Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Ատհայի տօնին ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման յոյսերը տկար են:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկած է «Սուրիոյ տագնապին զարգացումները»:
Թագաւորը վերահաստատած է Սուրիոյ միութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումի մը ձեռքբերման զօրակցող Յորդանանի կեցուածքը: Թագաւորը նաեւ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական տարատեսակ օժանդակութիւններ տրամադրելու Յորդանանի ջանքերուն ծաւալը ներկայացուցած է: Էշթըն այս ուղղութեամբ Յորդանանի ջանքերուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է:
Յորդանանեան «Ամուն» լրատուական անկախ գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիայէն եկած զինեալներու եւ յորդանանեան սահմանապահ ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում մը, որուն ընթացքին յորդանանեան բանակէն զինուոր մը սպաննուած է:
Իրաքեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը յայտարարած է, որ համաձայն է իր մօտ գտնուող իրաքցի բոլոր ձերբակալեալները առանց նախապայմանի իրաքեան կողմին յանձնելու:
Իրաքի արդարադատութեան նախարարը ըսաւ, որ Մալիքիի կառավարութիւնը միջազգային համաձայնութեանց իրաքեան յանձնախումբը լիազօրած է սուրիական կողմին հետ այս հարցով համաձայնութիւն ստորագրելու:
Նշենք, որ Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը այսօր կ՛այցելէ Դամասկոս, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Ասատի հետ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ «եթէ Սուրիոյ տագնապը շուտով չլուծուի, ապա շրջանային երկրաշարժի պիտի վերածուի»:


