Բագրատունի Նախագահ Սլէյմանի Անունով Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սարգիսեան Ընտանիքին
Երէկ Հակական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Պուրճ Համուտի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ սրահ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց անցեալ ուրբաթ օր Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակի պայթումին զոհ գացած Ժորժեթ Սարգիսեանի ընտանիքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

