Փութին Եւ Էրտողան Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Են
Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքէջը` յղում կատարելով թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ հարցով լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:
Ըստ տեղեկութեան, զրոյցը աւարտած է, երբ կողմերէն մէկը փակած է խօսափողը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցին, Փութին ըսած է, որ եթէ մինչեւ իսկ մէկ թուրք զինուոր Սուրիա մտնէ, իրենք պիտի նկատեն, թէ ան Մոսկուա մտած է: «Ասիկա սպառնալիք է եւ չենք կրնար ընդունիլ», ըսած է Էրտողան: Փութին իր կարգին պատասխանած է. «Ինչպէս կ՛ուզէք հասկցէք»: Ատկէ ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ընդհատուած է:
Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Փութին խօսափողը փակած է, սակայն ըստ սուրիական աղբիւրներու, երկու կողմերն ալ խօսակցութիւնը չեն ընդհատած:
Նշենք, որ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի տեղակալը երէկ անակնկալ այցելութեամբ Թուրքիա հասաւ:

