ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Ինչպէս ամէն տարի, Ճեմարանի աշակերտները այս տարի եւս զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեցին 24 ապրիլի ցեղասպանութեան յիշատակը:

Տարրական բաժինի աշակերտները թուրքերու կողմէ գործադրուած Մեծ եղեռնի մասին իրենց տարիքային մակարդակի մօտեցումով տեղեկութիւններ ստացան ուսուցիչներէն: Երկուշաբթի, 18 ապրիլին, անոնք Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին` յարգելով անոնց յիշատակը:

Ապրիլ ամսուան ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները կատարեցին Ցեղասպանութեան նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներ: Ուրբաթ, 15 ապրիլին, անոնք ներկայ գտնուեցան Այնթուրայի որբանոցին մասին դասախօսութեան մը` դպրոցին մէջ: Հիւր դասախօս Նորա Բարսեղեան տեսասալիկի ցուցադրութեամբ ներկայացուց 1915-1916 Սեն Ժոզեֆ վարժարան (այնուհետեւ որբանոց` մինչեւ 1919) հասած հայ որբերուն խղճալի վիճակը, անոնց կրած դժուարութիւնները, տառապանքները եւ թուրքերու վարած թրքացման քաղաքականութիւնը:

Դասախօսութեան աւարտին Նորա Բարսեղեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

Երկուշաբթի, 18 ապրիլի առաւօտեան, նախակրթարանի եւ Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ վարժարանին մէկ անկիւնը գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Սելին Մելքոնեան` հայերէնով, իսկ Ալիք Մեսրոպեան` ֆրանսերէնով: Ապա աշակերտները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին հայ որբերու շիրիմին:

Երկուշաբթի, 18 ապրիլին, միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիքֆայա եւ հաւաքուեցան Նահատակաց յուշարձանին մօտ:

Թ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան եւ Սէրուժ Հանտեան կարդացին Մեծ եղեռնի յիշատակին առիթով իրենց խօսքը. «Մենք` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներս, եկած ենք ծաղկամատոյց կատարելու Հայոց ցեղասպանութեան Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին, 96-րդ տարեդարձին առիթով, բայց նաեւ ըսելու, որ այս տարի ապրիլ 24-ը կը զուգադիպի Զատկուան կիրակիին: Եւ ուրեմն, այդ օրը, հայութիւնը, իբրեւ քրիստոնեայ, պիտի գայ տօնելու համար Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը, եւ, իբրեւ Ցեղասպանութեան մոխիրէն փիւնիկի պէս յառնող ժողովուրդ` շեփորահարելու համար իր ազգային վերականգնումը եւ պահանջելու համար թրքական պետութենէն իր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ քաղաքական հատուցում կատարելու անոր անխուսափելի պարտաւորութիւնը»: Անոնք անդրադարձան նաեւ ցեղասպանութիւն յղացքին` յստակօրէն սահմանուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 1948 թուականի դեկտեմբերի 12-ին  ընդունուած բանաձեւումով, որ ցեղասպանութիւն կը համարէր ազգի մը  ազգային, ցեղային  եւ կրօնական խումբ մը մասնակի կամ ամբողջութեամբ ոչնչացնելու մտադրութիւնը: Աշակերտները իրենց խօսքը փակեցին պահանջատիրութեան յանձնառութեամբ. «Նախ ճանաչում, ապա դատապարտում եւ վերջապէս` քաղաքական հատուցում»:

Այնուհետեւ հայր Վարանդ Քորթմոսեան հպանցիկ ակնարկով անդրադարձաւ աշակերտական խօսքին բովանդակութեան: Յիսուսի յարութիւնը համեմատեց հայ ժողովուրդին վերակենդանութեան: Ապա ան ընդգծեց հայոց պատմութեան հոլովոյթին իրազեկ ըլլալու կարեւորութիւնը ու թելադրեց 24 ապրիլ նկատել տարուան 365 օրերը, որովհետեւ իւրաքանչիւր օր հայը կը կրէ գաղթականութեան հետեւանքը, որ կը թելադրէ իրեն իրատես ու հեռատես ըլլալ, յարատեւ պայքարիլ ու հպարտ ըլլալ: «Հայ աշակերտին գոյութիւնը, ապրիլեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին յարգանք մատուցելը եւ հայօրէն ապրիլն ու հայկական աւանդութիւնները պահելը Ցեղասպանութեան ձախողութեան լաւագոյն ապացոյցներն են», ըսաւ ան:

«Հայր մեր»ը աղօթելէ ետք, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ծաղիկը դրաւ յուշակոթողին ներքեւ:

Նոյն օրը, ժամը 1:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան եւ միջնակարգի աշակերտութեան կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ նախակրթարանի աշակերտները:

Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կարդաց Լսարանական միութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ. «Վերապրեցանք` յաղթահարելով ամէն տեսակ դժուարութիւն. վերապրեցանք` բազմապատկելով մեր թիւը. վերապրեցանք եւ ունեցանք ազատ ու անկախ հայրենիք: Պիտի ապրինք ու գոյատեւենք միշտ հպարտ` մեր անցեալով, միշտ զօրաւոր` մեր ներկայով եւ միշտ փայլուն` մեր ապագայով: Եւ այսպէս ԱՊՐԻԼ 24-ը կը դառնայ մեր ԱՊՐԵԼՈՒ վճռակամութեան մնայուն վերանորոգման օրը»:

Բացման խօսքէն ետք, ԺԲ. դասարանէն Հրակ Գարագաշեանի, Լոռի Աբրահամեանի, Նարէ Սալորեանի եւ Վարանդա Եագուպեանի նուագի ու երգի  կատարողութեամբ հնչեցին «Զինուորի երգը» եւ «Զարթի՛ր որդեակ»ը: Ապա Է. դասարանէն Սագօ Եագուպեան ասմունքեց Դ. Վարուժանի «Դերենիկը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ Գուրգէն Փափազեանի պատրաստած տեսասալիկի ցուցադրութիւնը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Վահրամ Էմմիեան, որ օսմանեան պետութեան հայութենէն ձերբազատելու նպատակն ու Համաշխարհային Ա. պատերազմին առիթը օգտագործելը նշելէ ետք, անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի մասին այժմու թուրք պատմաբանի մը Կոմիտասը օրուան ամէնէն վտանգաւոր անձնաւորութիւնը նկատելուն, ինչ որ ծիծաղելի երեւոյթ է: Ապա ան հաստատեց այդ պատմաբանին տեսակէտը` ըսելով, որ Կոմիտաս վտանգաւոր անձնաւորութիւն էր այն իմաստով, որ ան հայ մշակոյթը մշակող ու պահպանող ռահվիրան էր, մինչ թուրքերը կը ջանային զայն բնաջնջել:

Ներկայիս դէպի Թուրքիա առեւտրական թէ զբօսաշրջային շարժումներուն եւ հայ-թուրք հաշտութեան նախաձեռնութիւններուն մասին խօսելով` Վ. Էմմիեան կարդաց Ք. Միքայէլեանի «Միութիւն թուրքերու հետ» գրութենէն հատուած մը. «Ինչպէ՞ս ընդունիլ այն ձեռքերը, որոնք կ՛ուզեն միայն մեր ձայները խեղդել»:  Ապա պատմեց, թէ ինչպէ՞ս Թալէաթ փաշան ապստամբութենէ մը փախած ու ապաստանած է իր բարեկամ Է. Ակնունիի բնակարանը, իսկ հետագային` 24 ապրիլին, սուլթանը տապալելէ ետք, Ակնունին երբ զինք ձերբակալողներուն կը հարցնէ, թէ Թալէաթ տեղեա՞կ է… անոնք ցոյց կու տան ձերբակալման հրամանագիրին տակ Թալէաթի ստորագրութիւնը: «Այս է թուրքին բարեկամութիւնը», ըսաւ Վ. Էմմիեան:

Գոյատեւման ու պայքարի գաղափարին անդրադառնալով` բանախօսը մէջբերեց չինացի փիլիսոփայի մը խօսքը. «Մեծագոյն փառքը երբեք իյնալու մէջ չէ, այլ` ամէն անգամ ոտքի կանգնելու մէջ»: Հայն ալ ջարդէն ետք հանրապետութիւն հիմնեց, 7 դեկտեմբերի երկրաշարժէն ետք արցախեան պայքարը մղեց: 1915-ի ջարդէն ճողոպրածներու վերապրելու  կամքին մասին խօսելով` ան աւարտեց իր պատգամը հետեւեալ նախադասութեամբ. «Անոնք ոտաբոպիկ էին, անօթի, օտարութեան մէջ, բայց ունէին կամքն ու գոյատեւելու գրաւականը: Եկէ՛ք` պահենք այդ պայքարելու ոգին»:

Բանախօսութենէն ետք շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը. Վարանդա Եագուպեան երգեց «Կռունկը»` Նարէ Սալորեանի դաշնակի վրայ նուագի ընկերակցութեամբ: Ապա Ը. դասարանի աշակերտները «Կոմիտաս վարդապետի ձերբակալութիւնը» թատերական ներկայացումով ներկաները փոխադրեցին օսմանեան ժամանակաշրջան: Կոմիտաս վարդապետ Դ. Վարուժանի ու Սիամանթոյի հետ արուեստի ու գրականութեան մասին զրոյցէ մը ետք, թուրք ոստիկաններ խուժեցին Կոմիտասի բնակարանը ու զայն ձերբակալեցին: Ուշագրաւ էր ոստիկանատան մէջ Կոմիտասի պատասխանը թուրք ոստիկանապետին, երբ այս վերջինը առաջարկեց վարդապետին հաւատափոխ ըլլալ, թրքերէն երգեր գրել` այդպիսով փրկուելու համար աքսորէն: Կոմիտաս կ՛ըսէ. «Ե՞ս… ուրանա՞մ հաւատքս, թրքերէ՞ն գրեմ, երբե՛ք»: Այնուհետեւ զայն կը միացնեն աքսորեալներու կարաւանին: Հետագային, երբ ոստիկանները ներման հրամանագիրով կու գան զինք բանտէն արձակելու, Կոմիտաս կը մերժէ հեռանալ աքսորեալներէն: Իսկ երբ թուրք ոստիկանը կ՛ըսէ. «Քէշի՛շ, դուն բախտաւոր աստղի տակ ծնած ես. քեզ փրկողը քու արուեստդ եղաւ, ինչ որ տուիր հայուն, նոյնը պիտի տաս նաեւ թուրքին, երգ եւ երաժշտութիւն: Այս է վերին հրամանը մեր կառավարութեան», Կոմիտաս կը պատասխանէ. «Ես հայուն տուի այն, ինչ որ ան ունէր եւ տուաւ ինծի, իսկ թուրքը ի՞նչ տուաւ, որ ես անոր տամ… բացի գազանութենէն…»:

Թատերական ներկայացումէն ետք Է. դասարանի աշակերտները երգեցին «Թող հնչեն շեփոր»ը, որմէ ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES