ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումին Ընթացքին Զինադադարի Դրութիւնը Չխախտեցաւ
Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախօրոք ձեռք բերուած համաձայնութեան վրայ հիմնուելով` երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ բնակավայրի մօտակայքին:
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի դիրքերէն դիտարկում իրականացուցին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք եւ իր դաշտային օգնական Իրժի Ապերլէ: Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով եւ Ուիլիըմ Փրայըր:
Դիտարկումը անցաւ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած: Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցեցան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

