Արթուր Աբրահամ Ամանորին Պիտի Գտնուի Հայաստանի Մէջ
Գերմանիան ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Ամանորին պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Աբրահամ ըսած է. «Հայաստան գալու փափաքս եւ ցանկութիւնս շատ մեծ է: Բայց գերխճողուած ըլլալով` այդ այցելութիւնը չեմ կրնար կատարել: Շատ հաւանաբար մինչեւ յաջորդ ճակատումս չեմ կրնար Հայաստան գալ: Կը կարծեմ սակայն, որ Ամանորը կ՛ըլլամ Հայաստանի մէջ»:
Իր կատարած վերջին ճակատումէն ետք հայ կռփամարտիկը միշտ ալ հանդիպումներ կ՛ունենար գերմանական լրատուամիջոցներուն հետ:
Պերլինի մէջ, հանրային նախաձեռնութիւններուն զուգահեռ, ան օրական երկու անգամ ամէնօրեայ մարզումներու մէջ է` նկատի ունենալով, որ կը պատրաստուի Նիուրնպերկի մէջ (Գերմանիա) ֆրանսացի Մեհտի Պուատլայի դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին` պաշտպանելու համար աշխարհի ախոյեանի իր գօտին:

