Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Պայքարը Տակաւին Սուր Է
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան համար գործող նախագահ Պարաք Օպամայի եւ հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի միջեւ մրցակցութիւնը տակաւին սուր է եւ այս վերջինս մէկ կէտով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ քուէարկողներուն 49 առ հարիւրը Ռոմնիի կը զօրակցի, իսկ 48 առ հարիւրը` Օպամայի:
Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ քուէարկողներուն 49 առ հարիւրը Օպամայի իբրեւ նախագահ տարած աշխատանքը դրականօրէն կը վերաբերի, իսկ 49 առ հարիւրը բացասաբար:
CATEGORIES Միջազգային

