Ռայի Պատրիարքը Կարտինալ Ընտրուեցաւ
Մարոնի համայնքի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընտրուած է կարտինալ:
Մազլում եպիսկոպոսը բացատրեց, որ 1954-էն ի վեր Վատիկանը որդեգրած է պատրիարքը կարտինալի վերածելու սովորութիւնը, որպէսզի պատրիարքները դառնան պապին ուղղակի օժանդակողները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր կատարելով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները:
Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին խիստ կարիքը ունի Ռայի պատրիարքին նմաններուն` ամրապնդելու համար երկրին ազգային միասնականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

