Արցախի Մէջ Նախագահներ Սահակեան Եւ Սարգսեան Քննարկեցին Երկու Հայկական Պետութիւններուն Համագործակցութեան Առնչուող Հարցեր

Նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակեան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 հոկտեմբերին հետեւեցան Արցախի արեւելեան մասին մէջ տեղի ունեցած բանակի ռազմափորձերուն:

Ռազմափորձերու աւարտէն ետք նախագահները պարգեւներ յանձնեցին այդ ռազմափորձերուն աչքի ինկած զինուորներուն:

Ապա նախագահները մասնակցեցան զօրամասերէն մէկուն մէջ նոր զօրանոցի բացման արարողութեան:

Նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ երկու նախագահները մասնակցեցան ընդլայնուած խորհրդակցութեան` նուիրուած ռազմափորձերու արդիւնքներու ամփոփման խնդիրներուն:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր:

Նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան անդրադարձ կատարեցին նաեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, բանակաշինութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին երէկ մասնակցեցաւ նաեւ Հատրութի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ արցախեան ազատամարտի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրի բացման նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Արցախի տարբեր բնակավայրերուն մէջ այսպիսի կառոյցներու առկայութիւնը` թէ՛ մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան, թէ՛ ազգային արժէքներու պահպանման տեսանկիւնէն:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան յուշահամալիրի կառուցման աշխատանքներուն` նշելով, որ անով անոնք իրենց արժանի աւանդը պիտի բերեն հայրենի երկրի զարգացման ու բարգաւաճման:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, եւ Հայաստանէն հիւրեր:

Share this Article
CATEGORIES