Ճատրակ. Յարութիւնեան` 15-րդ, Իսկ Պետրոսեան` 17-րդ
Armchess.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Նակփուրի (Հնդկաստան) միջազգային մրցաշարքին արձանագրած են գոհացուցիչ արդիւնքներ:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Գէորգ Յարութիւնեան գրաւեց 15-րդ դիրքը: Նոյնքան կէտ ապահովելով` 17-րդ դիրքը գրաւեց Դաւիթ Պետրոսեան:
Տիտղոսին տիրացաւ (168 մասնակցողներու մէջ) Զիաուր Ռահման (Պանկլատեշ), որ ապահովեց 9 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

