Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Կը Սիրենք Եւ Չենք Սիրեր Հանրային Արուեստի Գործերը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՒՐԱԶԳԱՑ Է ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԿԱՆԳՆԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: ՄԻՆՉ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԵՐԲԵՄՆ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԶԱՅՐՈՅԹ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՒ ԳՆՈՎ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼՆ Է, ԱՆԴԻՆ` ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՄԱՆ ԳՈՐԾԵՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՆՑՈՂԱԿԻ ԵՒ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ԱՉՔԻ ՓՈՒՇԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ԻՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ ՏԵՍՆԵԼ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ՎԵՐՋԵՐՍ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ» ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՐՁԱՆ ՄԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻԿԻ ՊԷՍ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ԻԼՖՐԱՔՈՄԻ ԾՈՑԻՆ ՎԵՐԵՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՉԷ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ, ԳԷԹ ՈՉ` ԱՌԱՅԺՄ…: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»-Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՏԵՄԻԸՆ ՀԸՐՍԹԻ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ՄԷԿ ԳՈՐԾԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐԸ: ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻ՞ՒՆ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԳՈՐԾԵՐ ՕԺՏՈՒԱԾ ԵՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐՈՎ, ՈՄԱՆՔ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՎԱՏՆՈՒԱԾ ՃԻԳԵՐ ԵՆ:
Անունը «Վերիթի» (ճշմարտութիւն) է, թէեւ ոմանց համար անիկա աւելի կը յիշեցնէ շարժապատկերի աշխարհի մարդակեր ոճրագործը` Հանիպալ Լեքթըրը: Բարի եկաք Իլֆրաքոմ, թատերաբեմը` հանրային արուեստի նորագոյն տարակարծութիւններուն, վայրը` 20 մ բարձրութեամբ արձանի մը, որ տեղադրուեցաւ անցեալ շաբաթ: Պրոնզէ ձուլուած արձանը կը պատկերէ մերկ կին մը, որ բռնած է սուր մը եւ կը դիտէ ծովը: Յայտնապէս անիկա «արդի այլաբանութիւն մըն է ճշմարտութեան եւ արդարութեան»: Սակայն հարցը այն է, որ անոր արգանդին կէսը դուրս ինկած է:
«Հոյակապ է», կը հակազդէ տեղացի մը: «Հրէշային է», կ՛ըսէ ուրիշ մը: Ի վերջոյ ասիկա գործն է Տեմիըն Հըրսթի: Տեւընի այս փոքր գիւղաւանը տասնամեակ մը առաջ գրաւած էր 47 տարեկան բրիտանացի արուեստագէտին ուշադրութիւնը: Այժմ հոն բնակարան մը գնելէ եւ ճաշարան մը բանալէ ետք Հըրսթ տեղական տնտեսութեան մէջ կատարած է այլ ներդրում մը: Անոր զետեղած արձանը կարելի է դիտել նաեւ այս դիտանկիւնէն: Այլ դիտանկիւնէ` կարելի է զայն նկատել իբրեւ ուշադրութիւն գրաւելու Հըրսթի բնորոշ ձեւ մը, նարսիսականութեան արտայայտութիւն մը, նետուած` Տեւընի անմեղ բնակիչներուն երեսին:
Ի վերջոյ ցցուն կուրծքերով յղի կին մը ի՞նչ կապ ունի արեւմտեան Անգլիոյ ձկնորսական մէկ գիւղին հետ: Պէտք է ըսել, որ քիչ մը ցուրտ էր արձանին բացումին օրը: Եւ ինչպէս գիտենք, քիչ մը ժամանակ պէտք է` վարժուելու համար հանրային արուեստի գործի մը:
Օրինակ` «Էյնճըլ աֆ տը նորթ»-ը (հիւսիսի հրեշտակը): Կոպիտ եւ ժանգի գոյնով այս թռչնամարդը ի՞նչ նպաստ կը բերէ Կէյթսհետի Էյ. 1 պողոտային: «Անսահման անճաշակութիւն» կ՛որակէին զայն կարգ մը տեղացիներ, որոնք կը մտածէին, թէ այս արձանին համար ծախսուած 800 հազար փաունտը կարելի էր յատկացնել աւելի լաւ նպատակի մը: Ուրիշներ «Էյնճըլ աֆ տեթ» (մահուան հրեշտակ) կը կոչէին զայն եւ կը ծաղրէին նախատեսելով ինքնաշարժներու խճողում` պողոտային վրայ: Սակայն կարծիքները աստիճանաբար շրջուած են. այժմ Էնթընի Կորմլիի արուեստի գործը կը նկատուի Կէյթսհետը վերաշխուժացնող խթանը` վերջին 15 տարիներուն:
Հանրային արուեստի գործի մը գլխաւոր նախապայմանը անոր մեծ չափն է: Երկրորդ` անիկա պէտք է ըլլայ յանդուգն: Անոր ամբողջ նպատակը զրոյց մը սկսիլն է. մարդիկը մտածելու մղելը, ուզեն անոնք, թէ չուզեն: Հանրային արուեստի լաւ գործ մը խօսեցնել կու տայ իր մասին, այնպիսի ձեւով մը, որ շէնք մը կամ կամուրջ մը չեն կրնար: Սակայն անոր չափէն, տեղի կամ անտեղի նպատակէն, եւ ոմանց կարծիքով, անոր համար վատնուած դրամէն աւելի` յաճախ պարզապէս նորութիւնն է, որուն դէմ կը վիճին մարդիկ:
«Այսպիսի բաներ հակամէտ են խորանալու մարդոց մէջ: ժամանակի ընթացքին նման քանդակներ կը դառնան անոնց ապրած շրջանին խորհրդանիշը եւ կը փոխարինեն այլ խորհրդանիշներ կամ ժխտական պատկերներ», կ՛ըսէ հանրային արուեստի ուսումնասիրութիւններ կատարող Իքսիա կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճոնաթան Պենքս: Սակայն անոնք նաեւ կրնան ի յայտ բերել յոռեգոյնը` հաւաքականութեան մը մէջ:
Շեփթըն Մալեթի մէջ հրապարակ մը զարդարուած էր թանձրաձոյլ շաղախով շինուած ոչխարներով, որոնք ծանօթ էին իբրեւ «Ռոք ֆլոք» (քարէ հօտ): Քանդակուած ոչխարները գործն էին տեղացի արուեստագէտ Ճեֆ Պատիի: Սակայն 2005-ին իրենց զետեղումէն քանի մը շաբաթ ետք «Ոչխարները» յարձակումի ենթարկուեցան մուրճի հարուածներով: Պատի անմիջապէս վերանորոգեց զանոնք: Իսկ այսօր անոնք շատ սիրուած ներկայութիւն մըն են բաց երկինքի տակ, նոյնիսկ ունին Ֆէյսպուքի վրայ իրենց համակիրներու խումբը, որ կը հրապարակէ իրենց լուսանկարները` բուրդէ գլխարկներով:
Պըրմինկհամի կեդրոնական հռչակաւոր Պուլրինկ շուկաներու տարածքը յիշատակութեան արժանացաւ պրոնզէ ցուլով մը` իրական անասունին կրկնապատիկ չափով: Թէեւ «Ցուլը» անմիջապէս սկսաւ ժողովրդականութիւն վայելել, սակայն դրական ձեւով չէր, որ ուշադրութիւն գրաւեց, երբ «Մոյնըր» եւ «Հասան» իրենց անունները սկսան քերծել անոր վրայ:
Սովորաբար, երբ սկզբնական հակազդեցութիւնը կը մեղմանայ, բարբարոս արարքներու հաւանականութիւնը կը նուազի: Սակայն բացառութիւն էր «Ուիլօ մեն»-ը (ուռենի մարդը), որ կանգնեցաւ 2000-ին, Պրիճուոթըրի մօտակայ Էմ. 5 պողոտային վրայ: «Հիւսիսի հրեշտակէն երկու տարի ետք ժամանելով` անիկա դարձաւ «Հարաւի հրեշտակը»: Այսուհանդերձ, հակառակ սկզբնական խանդավառութեան, մէկ տարի ետք անիկա ենթարկուեցաւ հրձիգ յարձակումի եւ փճացաւ: Քանդակը իրագործած արուեստագէտը` Սերենա Տը լա Հէյ սաստիկ ընկճուեցաւ, սակայն շինեց զայն փոխարինող տարբերակ մը:
Քենթի մէջ արտօնութիւն տրուած է կառուցելու հսկայական ճերմակ ձի մը, որ պիտի զարդարէ Էպսֆլիթի մռայլ հովիտը: Սակայն ձիուն կառուցումը տակաւին չէ սկսած: Ուշացումը մասամբ արդիւնք է այն իրողութեան, թէ որոշ գումար մը պէտք է յատկացնել անոր մնայուն հոգածութեան համար: Սպիտակ ձիուն մարմինը կրնայ խծբծուիլ: Այս նախատեսութիւնը ինքնին ձին քանդակելու համար սահմանուած 2 միլիոն փաունտի պիւտճէն բարձրացուցած է 12 միլիոն փաունտի: Հակառակ այս անպատեհութիւններուն` կ՛ակնկալուի, որ Մարք Ուոլենճըրի «Էպսֆլիթի ճերմակ ձին» նոյնքան դրական ներգործութիւն պիտի ունենայ ճարտարարուեստական այս մռայլ շրջանին վրայ, որքան` Կորմլիի «հրեշտակը» ունեցած է Կէյթսհետի վրայ:
Իլֆրաքոմի Էյ. 39 պողոտային վրայ «Ճշմարտութիւն» արձանին ներգործութիւնը արդէն զգալի է: «Հոկտեմբերին սովորաբար շատ չենք աշխատիր շաբթու կիսուն,- կ՛ըսէ Տրիֆթվուտ պատկերասրահի ներկայացուցիչ` Ֆելիսիթի Քաուլի:- Իսկ այժմ մեծ թիւով մարդիկ կու գան»: Ուրիշներ շատ աւելի ուշ պիտի վարժուին նոր եկուորին: «Կը մեղքնամ անոնց, որոնք ստիպուած են ամէն օր տեսնել զայն», կ՛ըսէ պանդոկի մը պատասխանատուն` Սիւ Տէյլ: Անոնք, որոնք կը տքնին հասկնալու «Ճշմարտութիւն» արձանին իմաստը, թերեւս կրնան մխիթարուիլ, որ ոչինչ յաւիտենական է. արձանը վար պիտի առնուի 20 տարի ետք: Սակայն, ինչպէս հանրային արուեստի կարճ պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, նոյնիսկ ամէնէն յոռետեսները մինչ այդ արդէն կը վարժուին անոր ներկայութեան:
«Ուռենի Մարդ»
Վայր` Պրիճուոթըր, Էմ. 5 պողոտայ:
Հեղինակ` Սերենա տը լա Հէյ:
Տարի` 2000:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. ««Տարուան արուեստագէտի»-ն մէկ գործը, որ ամէնէն աւելի տեսանելի է: Մարդիկ արդէն կ՛արտայայտեն իրենց գնահատանքը: Սոմըրսեթի ժողովուրդը հպարտ պիտի զգայ իր հսկայ «Ուռենի»-ով:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Գաղափար չունէի, թէ քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէր բնակարաններ կառուցել այստեղ, ուր մնաց` հսկայական մթերանոց մը: Յայտնապէս բնակարաններ պիտի կառուցուին «Ուռենի մարդ»-ուն հիւսիսային կողմը եւ Մորիսընզէն դէպի հարաւ: Զայն կը պատկերացնեմ դաշտերով շրջապատուած, տափարակ եւ վայրի բնութեան խորապատկերի մը վրայ ցայտուն կանգնած: Յուսախաբութիւն կը պատճառէ այն լուրը, թէ «Ուռենի մարդ»-ը պիտի շրջափակուի»:
«Հիւսիսի Հրեշտակ»
Վայր` Կէյթսհետէն դէպի հարաւ, Էյ. 5 պողոտայ:
Հեղինակ` Էնթընի Կորմլի:
Տարի` 1998:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Սարսափելի է: Ես աւելի աւանդապաշտ եմ: Երբեք պիտի չսիրեմ զայն, սակայն բան մըն է, որ պէտք է ընդունինք»:
«Հաւանաբար Կորմլիի ամէնէն սնամէջ, ամէնէն գերագնահատուած եւ ամէնէն կոպիտ գործերէն մէկն է: Կ՛ըսուի, թէ կը պատկերէ հրեշտակ մը, սակայն աւելի կը նմանի հին հագուստներու կախիչի մը»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Հիւսիս-արեւելքի մեծ խորհրդանիշներէն մէկն է, նշան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ արդէն տանս կը մօտենամ»:
«Խեցի»
Վայր` Ալտեպըրկ, Սաֆըք:
Հեղինակ` Մեկի Համպլինկ:
Տարի` 2003:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Այս քանդակին դէմ չենք, սակայն սխալ տեղ դրուած է»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ծովեզերքին անոր բացումը կատարեցին իբրեւ Մեկի Համպլինկի քանդակած խեցին. նոյնքան տգեղ է հեռուէն դիտուած, որքան անճաշակ` մօտէն»:
«Ճշմարտութիւն»
Վայր` Իլֆրաքոմ, Տեւըն:
Հեղինակ` Տեմիըն Հըրսթ:
Տարի` 16 հոկտեմբեր 2012:
Ի՞նչ կը մտածէին, երբ ձեւագծումը ներկայացուեցաւ. «Ժամեր, օրեր, շաբաթներ աշխատեցանք մեր դիմումնագիրը պատրաստելու համար: Մեծ յոյս ունինք, որ հանրութիւնը պիտի զօրակցի մեր ծրագիրին»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ասիկա յարմար չէ վիքթորեան ծովեզերեայ աւանի մը: Վհատեցուցիչ է այն իրողութիւնը, որ դրամն ու գաղափարները չեն յատկացուած աւելի պատշաճ ու գրաւիչ բանի մը` քաջալերելու համար դէպի Իլֆրաքոմ այցելութիւնները ամբողջ տարուան ընթացքին: Չեմ ըսեր, թէ ոչ մէկ բան պէտք էր կանգնեցնել հոն: Այս արձանը կրնայ շուրջ երկու վայրկեան գրաւել մէկուն ուշադրութիւնը»:
«Ճերմակ Ձի»
Վայր` Էպսֆլիթ, Քենթ:
Հեղինակ` Մարք Ուոլենճըր:
Տարի` յայտարարելի:
Ի՞նչ կը մտածէին ձեւագծումին մասին. «Ի տարբերութիւն գաճի վրայ քանդակուած այլ ձիերու եւ կերպարներու` այս վիթխարի անասունը սարսափ կը պատճառէ ինծի»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ասիկա ծրագիր մըն է, որ պիտի յարատեւէ: Ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ ձեւագծումի ճակատին վրայ»:
««Պի.» Աֆ Տը Պենկ»
Վայր` Մանչեսթըր:
Հեղինակ` Թոմըս Հեթըրուիք:
Տարի` 2004:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Առաջին անգամ ըլլալով կը գնահատենք անոր մեծութիւնն ու տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` ձեւագծումի եւ ճարտարագիտական յղացքը, որոնք կարելի դարձուցած են անոր իրագործումը»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. ««Պի.» աֆ տը պենկ» գեղարուեստական հոյակապ հաստատում մըն էր եւ ցաւալի է, որ արհեստագիտական դժուարութիւնները խորտակեցին անոր տեսլականը: Քաղաքապետական խորհուրդը 1.7 միլիոն փաունտի համաձայնութիւն մը կնքեց Թոմըս Հեթըրուիքի արուեստանոցին հետ, ինչպէս նաեւ` պայմանագրութիւններով անոնց հետ աշխատող երեք ընկերութիւններու: Քանդակը քանդուեցաւ 2009-ին եւ հում նիւթը ուղարկուեցաւ վերամշակուելու. քաղաքապետութիւնը շուրջ 17 հազար փաունտ շահեցաւ մետաղին վաճառքէն»:
«Նորթամպըրլենտիա»
Վայր` Քրեմլինկթըն, Նորթամպըրլենտ:
Հեղինակ` Չարլզ Ճենքս:
Տարի` 3 սեպտեմբեր 2012:
Ի՞նչ կը մտածէին, երբ ձեւագծումը ներկայացուեցաւ. «Ծիծաղելի է: Եթէ նման բան մը կ՛ուզէինք, պարզապէս կրնայինք խնդրել, որ յատուկ բնաբանով զբօսայգի-խաղավայր մը կառուցեն»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Պիտի նախընտրէի, որ մեր քաղաքամերձ տարածքները անխաթար մնան»:
«Արչելորմիթըլ Օրպիթ»
Վայր` Օլիմփիք փարք, արեւելեան Լոնտոն:
Հեղինակ` Անիշ Քափուր:
Տարի` 11 մայիս 2012:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Ցարդ ամէնէն փառահեղ օրինակն է այն գաղափարին, թէ մեծ եւ տարօրինակ իր մը կրնայ հազարաւոր մարդիկ փրկել չքաւորութենէ: Սակայն կրնայ հասնիլ տեղ մը, որ անիկա ձախողի եւ մենք որոշենք այլ բան մը փորձել ապագային: Իսկ ներկայիս անիկա կը սպառնայ դառնալ ջուրով լեցուն շիշի մէջ գունաւոր մոմի գնդակներու խաղ մը` քաղաքային համայնապատկերի մը վրայ»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Չուզեցինք հետեւիլ աշտարակներ բարձրացնելու աւանդութեան, որ ամբողջութեամբ կ՛առնչուի համաչափութեան հետ, սկսեալ` Էյֆելի աշտարակէն: Ուզեցինք գիտնալ, թէ արդեօք կարելի՞ էր իրապէս 21-րդ դարու յատուկ բան մը կառուցել: Սկիզբէն արդէն յայտնի է, որ ասիկա տարօրինակ իր մըն է»:
«Տապլինի Ցիցը»
Վայր` Օ՛Քոնել փողոց, Տապլին:
Հեղինակ` Իան Ռիչի:
Տարի` 2003:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Կը զգայինք, թէ արդի Իրլանտայի մէկ խորհրդանիշը պիտի դառնար»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Ամէն բանէ աւելի աշխարհի թմրեցուցիչի վաճառականներուն նուիրուած կոթող մը կը թուի ըլլալ, որովհետեւ կը նմանի ներարկումի յատուկ ասեղի»:
«Սղոցի Ակռաներ»
Վայր` Պաթկէյթ, Էտինպարա:
Հեղինակ` Փաթրիսիա Լայթըն:
Տարի` 1993:
Ի՞նչ կը մտածէին անցեալին. «Յանձնառու ենք պողոտային այս մասը վերածելու Սկովտիոյ համար դրական յատկանիշի մը»:
Ի՞նչ կը մտածեն այսօր. «Արուեստի ամէնէն տպաւորիչ գործերէն մէկը, որ երբեւիցէ տեսած եմ»:
Յատուկ այս վայրին համար հողակոյտերով ստեղծուած այս քանդակը կարելի է դիտել պողոտային երկայնքին: Անիկա իրագործուած է իր շրջապատին հետ հաշտ ձեւագծումով մը, որ կ՛առնչուի շրջանին պատմութեան, անցեալի ճարտարարուեստին եւ մերձակայ երկրաբանական կազմութիւններուն հետ:











