Նախագահ Սահակեան Շեշտեց Զուիցերիոյ Հետ Կապերու Կարեւորութիւնը
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Զուիցերիայէն ժամանած խումբ մը պատգամաւորներ եւ գործարարներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Զուիցերիա յարաբերութիւններու զարգացման եւ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման կապուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Զուիցերիոյ հետ կապերու ամրապնդումը Արցախի արտաքին քաղաքական կարեւոր խնդիրներէն մէկն է եւ այստեղ արդէն իսկ շօշափելի տեղաշարժ կը նկատուի:
Նախագահը այս ծիրին մէջ անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի դերակատարութեան` այդ մէկը նկատելով տարբեր երկիրներու հետ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման կարեւոր գործօններէն մէկը:
Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, բարերար Լեւոն Հայրապետեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
CATEGORIES Հայկական

