Նախագահ Սարգսեան Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Հիմնահարցին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իտալական «Քոթիտիանօ Նասիոնալէ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան, Եւրոպական Միութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կը սպասեն, որ Թուրքիա փոխէ իր դիրքորոշումը:
Ըստ նախագահին, Հայաստան այնքան քաջութիւն ունեցած է, որ Թուրքիոյ հետ սկսած է յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորագոյն հոլովոյթը, սակայն Անգարան ատիկա կապեց անընդունելի պայմաններու հետ:
Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մոռցուած մղձաւանջ մը մնալ: «Եթէ Ողջակիզումին մասին մենք ամէն ինչ գիտենք, ինչ որ արդարացի է, ապա հայերու ոչնչացման պատմութեան վրայ թանձր մթութիւն կայ: Ասիկա կը կոչուի երկակի չափորոշիչներ, այսինքն` երկու տարբեր մօտեցում նմանօրինակ քաղաքական իրադրութիւններուն հանդէպ: Մօտ 100 տարի առաջ մէկուկէս միլիոն հայեր ոչնչացան: Քանի՞ հոգի Եւրոպայի կամ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ այդ իրողութիւնը կը ճանչնայ: Արդէն 1939 թուականին Հիթլերը` իր զօրավարներու հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու ոչնչացումը»: Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան տալը արդէն խլացուցիչ լռութիւն է մարդկութեան համար: Եւ քանի որ այսօր Եւրոպան Նոպելեան մրցանակակիր է, անոր ձայնը պէտք է բոլորին լսելի դառնայ», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը երկակի չափանիշներ կը դրսեւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով եւս:
Անդրադառնալով լրագրողին այն դիտարկման, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, յատկապէս Ազրպէյճանի քարիւղի գործօնին պատճառով, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ասիկա երկակի չափանիշներու այլ օրինակ մըն է: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Քոսովոյի հարցը, որ նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ ինքնորոշման ձգտող ալպանական ներգաւառ էր, լուծուեցաւ նոյնիսկ միջազգային ռազմական միջամտութեամբ, մինչդեռ Ղարաբաղի պարագային կարծես կը տիրէ գրեթէ կատարեալ մոռացութիւն մը:
Ըստ նախագահին, ճիշդ է, որ քարիւղը կրնայ շահաւէտ ըլլալ ազրպէյճանական դիրքորոշումներուն համար, «բայց արդեօք վստահ ենք, որ այս տնտեսական թէզը միշտ պիտի գերակայէ միւս հարցերուն»:
Նախագահը նշեց, որ ինք լաւատես է` պայմանով, որ Ազրպէյճան չշարունակէ կառչիլ ծայրայեղութեան, անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան: Ան ծայրայեղութեան իբրեւ օրինակ նշեց Սաֆարովի հերոսացումը` աւելցնելով, որ Հայաստանի դիրքորոշումը կը համընկնի ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշման հետ, որ կը պահանջէ դիւանագիտական լուծում` հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի վերջնական աքթի վրայ, այն է` ուժի կիրառումի բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:

