«Անհեթեթութիւն Է Այն, Որ Մեր Մասին Կը Խօսուէր Մրցաշարքի Սկսելէն Առաջ» Ըսաւ Քլոփ
Պորուսիա Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ Ռէալ Մատրիտը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք յայտարարած է, որ Չեմփիընզ Լիկ-ի 4-րդ խմբակին մէջ ուժերու դասաւորման վերաբերեալ նախատեսութիւնները անհիմն դուրս եկան:
«Մրցաշարքի սկսելէն առաջ մեր խումբի մասին խօսուած ամէն ինչ լիովին անհեթեթութիւն է: Կը նախատեսէին, որ Այաքսը պիտի գրաւէ վերջին դիրքը, իսկ մենք պիտի գրաւենք երրորդ դիրքը: Այաքսը արդէն ցոյց տուաւ, որ ունակ է աւելիին: Ասիկա սկիզբէն ի վեր դժուար խմբակ էր եւ մինչեւ հիմա ալ այդպէս է: Ցաւօք սրտի, յառաջիկային մեզի կը սպասեն երեք դժուար մրցումներ», ըսաւ Քլոփ:
CATEGORIES Մարզական

