ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ԻՐԱՆ ԵՒ ՏԱՂՍՏԱՆ

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը կը պատրաստուի մեկնիլ Իրան, ուր 29 ապրիլին պիտի սկսի միջազգային մրցաշարք մը:

Իսկ Հայաստանի ազատ ոճի պատանիներու հաւաքականը պիտի մեկնի Տաղստանի մայրաքաղաք Մախաչքալա, ուր եւս տեղի պիտի ունենայ միջազգային մրցաշարք մը:

Նշենք, որ այս մրցաշարքերը Հայաստանի պատանիներու հաւաքականներուն համար պիտի ըլլան նախապատրաստական մրցաշարքեր` յառաջիկայ յունիսին Սերպիոյ մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES