«Փլէյ-Օֆի Հանգրուանը Անցնիլը Հրաշքի Համազօր Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Մանչինի
Անգլիական «Մանչեսթըր Սիթի» ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի ինքզինք մեղաւոր նկատեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանին հոլանտական «Այաքս»-էն կրած 3-1 պարտութեան համար:
«Կը կարծեմ, թէ մրցակիցը մեզմէ լաւ կը խաղար: «Այաքս»-ը այսօր լաւ ֆութպոլ ներկայացուց: Թերեւս ատիկա իմ սխալս է, որովհետեւ ես խաղացողները հարկ եղած կերպով չեմ նախապատրաստած մրցումին: Ես կը կարծէի, թէ խաղը այլ ձեւով պիտի ընթանայ, եւ մենք, ըստ երեւոյթին, պարտուեցանք ճիշդ այդ պատճառով: Պիտի կրնա՞նք փլէյ-օֆի հանգրուան անցնիլ: Ատիկա հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ», ըսած է իտալացին:
Մրցումին ընթացքին Մանչինի իր մարտավարութիւնը եւ խումբին դասաւորումը քանի մը անգամ փոխեց, ինչ որ խումբի յետսապահ Միքահ Ռիչըրտզը մղեց մարզիչին մօտեցումը հարցականի տակ առնելու: «Կեդրոնի երեք յետսապահ խաղալը ոճ մըն է, որուն առնչութեամբ անհրաժեշտ փորձեր չենք կատարած եւ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ կը պարտուինք` 5 յետսապահով խաղաոճին դիմելով»:
Սակայն Մանչինի յայտնեց, որ «չեմ կարծեր, թէ այդ մէկը կարեւոր է, այսինքն` 3,4,5,6 կամ 7 յետսապահով խաղալը: Եթէ մէկը կ՛ուզէ ատիկա պատրուակ ընել, ապա շատ լաւ, սակայն լաւ պատճառ մը չէ: Եթէ Չեմփիընզ լիկի մէջ խաղալու ոգին ու որակը ունիս, կրնաս խաղալ: Եթէ չունիս, ո՛չ: Այս է հարցը: Մարտավարութիւնները կարեւոր չեն»:
Անգլիական մամուլը քննադատութեան հեղեղ թափեց Մանչինիի գլխուն: «Տը Սան» գրեց, որ «Մահուան խմբակին մէջ «Սիթիի» համար արդէն դագաղ պատրաստուած է», իսկ «Տը Կարտիըն» կը գրէ, որ` «եթէ «Դ» խմբակը այս տարի մահուան քառեակն է, ապա «Մանչեսթըր Սիթի»-ն դիահերձարանին մէջ իր ոտքին վաղաժամ պիտակ ստանալու վտանգը կը դիմագրաւէ»: Օրաթերթը իր կարգին կը նշէ, որ «միայն հրաշքը կրնայ փրկել խումբը, սակայն քանի դեռ «Սիթին» նստած է մրցաշարքի աղիւսակի նկուղին մէջ, հնարաւոր է, որ չկարողանայ փետրուարին նոյնիսկ Եւրոպա լիկային մէջ յաղթել»:
Նշենք, որ «Այաքս»-«Մանչեսթըր Սիթի» մրցումէն առաջ Ամսթերտամի Կարմիր լապտերներու փողոցին մէջ երկու խումբերու համակիրներուն միջեւ բախում մը տեղի ունեցած է: Ձերբակալուած են 25 համակիրներ:

