Ճշմարտութեան Փնտռտուք. Թուիթըր, Ֆէյսպուք, Հին Եւ Նոր Լրատուամիջոցներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ –  ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԻՆՉ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՕՐԷ ՕՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ, ԱՆԴԻՆ` ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ՄԵԾ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,  ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԱԿՆԹԱՐԹԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԳՈՅԱՏԵՒՈՂ ԱՄԷՆԷՆ ՀԻՆ ՊԼՈԿՆԵՐԷՆ` kottke.org-Ի ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ ՍԹԱՓԵՑՆՈՂ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ ՄԸ` ԳԼԽԱՊՏՈՅՏ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ:

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ «Նիւզուիք» յայտարարեց, թէ այսուհետեւ շաբաթաթերթը լոյս պիտի չտեսնէ իր տպագիր տարբերակով, եւ թէ` ամբողջութիւնը պիտի հրատարակուի թուային (տիճիթըլ) ձեւով: Յայտարարութիւնը կ՛ըսէր.

««Նիւզուիք Կլոպըլ», ինչպէս պիտի կոչուի ամբողջութեամբ թուային այս հրատարակութիւնը, պիտի ըլլայ աշխարհատարած մէկ հրատարակութիւն, նպատակաուղղուած` անընդհատ շարժման մէջ գտնուող եւ կարծիքներ տարածող ընթերցողներու, որոնք պիտի փափաքէին աշխարհի անցուդարձերուն տեղեկանալ բարձր մակարդակի գրութիւններով: «Նիւզուիք Կլոպըլ» պիտի գոյատեւէ վճարովի բաժանորդագրութեամբ, պիտի տրամադրուի համացանցի կապուած եւ թուային գրութիւններ կարդացող գործիքներու: Անոր բովանդակութենէն որոշ մասեր պիտի տեղադրուին «Տը Տէյլի Պիսթ» թերթին կայքին մէջ»:

«Տը Տէյլի Պիսթ» թերթին պլոկին մէջ այս փոփոխութեան մասին գրելով` Էնտրու Սալիվըն կը կատարէ հետեւեալ հետաքրքրական մատնանշումը համացանցի վրայ եւ թուղթի վրայ կարդալու հակասութեան մասին:

«Այս պատճառով է, որ երբ «Նիւզուիք»-ի մէջ իմ կարծիքս հարցուցին տպագրուած տարբերակէն թուային տարբերակ անցնելու մասին, ստիպեցի նետուիլ որքան արագ, որ կարելի է: Տեսէ՛ք, ես 12 տարի առաջ թուային տարբերակը նախընտրած եմ տպագիր տարբերակէն, երբ աստիճանաբար սկսած եմ աւելի գրել համացանցի վրայ, այս պլոկին մէջ եւ այժմ` այս պլոկ-շաբաթաթերթին: Անշուշտ թուղթի վրայ հրատարակուած լրատու շաբաթաթերթ մը անիմաստ կը թուի ինծի: Սակայն քաջութիւն կ՛ենթադրէ այս փոփոխութիւնը կատարելը: Անհատ մը կրնայ այս անցումը կատարել մէկ օրէն միւսը: Սակայն հաստատութեան մը համար շատ աւելի բարդ է այս մէկը: Ճիշդ այս պատճառով կը հաւատամ, թէ անուանի հաստատութիւններ անպատեհութիւն մը կը դիմագրաւեն համացանցի վրայ, բաղդատած` անհատներու: Պատճառ մը կայ, թէ ինչո՛ւ «Տրաճ Ռիփորթ» եւ «Հաֆինկթըն Փոսթ» թերթերը կը կրեն անհատներու անունը: Որովհետեւ համացանց կ՛երթանք` կարդալու համար անհատներու կարծիքը, եւ ոչ` հաստատութիւններու: Ընկերային լրատուամիջոցները միայն արագացուցած են այս զարգացումը: Այժմ, իւրաքանչիւր անձ, որ ունի Ֆէյսպուքի իր էջը, ունի նաեւ իր փոքր ծաւալի պլոկը (մինի-պլոկ. ազատ կարծիքներու արտայայտութեան վայր), իսկ յօդուածներ, հրապարակուած նիւթեր, կամ համացանցի ճամբով տարածուող գաղափարներ (մեմ) կ՛ուղարկուին ե-նամակով, ընկերային կապեր հաստատող ցանցերով կամ Թուիթըրով»:

Անհատներ հակամէտ են կարդալու այլ անհատներու եւ ոչ` հաստատութիւններու հրապարակած գրութիւնները համացանցի վրայ: Սակայն այս երեւոյթէն շեղում մը արդէն սկիզբ առած է: Անիկա խորքին մէջ շրջադարձ մըն է` դէպի հաստատութիւններ: 1990-ական տարիներէն առաջ մարդիկ կը կարդային «Թայմզ» եւ «Նիւզուիք» շաբաթաթերթերը, «Թայմ» օրաթերթը կամ ուրիշ որեւէ այլ թերթ: 2008-ին մարդիկ կը կարդային Էնտրու Սալիվընի «Տէյլի տիշ» պլոկը, Փոլ Քրակմենի սիւնակը «Թայմզ» շաբաթաթերթին մէջ կամ Կուայնեթ Փոլթրաուի «ԿՕՕՓ» պլոկը: Այսօր անոնք կը կարդան իրենց  հետաքրքրութիւնները, գործունէութիւնն ու գաղափարները բաժնող բարեկամ-հետեւորդներուն ուղարկած նիւթերը, ինչպէս նաեւ` Թուիթըրի, Ֆէյսպուքի, Փինթըրեսթի եւ Թամպլրի վրայ դէպի տարբեր կայքեր առաջնորդող կապերուն (լինք) բովանդակութիւնը: Այլ խօսքով, այն բաները, որոնք կը տրամադրուին ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու վրայ, որոնք դարձած են նորօրեայ լրատու հաստատութիւնները:

Այժմ կարելի է «Տէյլի տիշ»-ի բովանդակութեան կամ Քրակմենի գրութիւններուն հետեւիլ Թուիթըրի վրայ: Սակայն ասիկա համազօր չէ զանոնք իրենց բուն կայքերուն մէջ կարդալու, որովհետեւ հրապարակուած լուր մը կամ յօդուած մը իր ամբողջութեան մէջ չենք ստանար Թուիթըրի վրայ: Այստեղ Քրակմենի նիւթերը կը խառնուին այլ նիւթերու հետ եւ կը մրցին այլ հասցէներէ եկած «թուիթ»-երու  (թուիթըրով ուղարկուած երկտող) հետ, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւեն: Իսկ եթէ հրաժարինք հետեւելէ Քրակմենի պլոկին, անոր մէկ շատ լաւ գրութեան մասին կը տեղեկանանք անպայմա՛ն, որովհետեւ Թուիթըրի մեր կապերուն մէջ տեղ մը մէկը շատ արագ նշում մը կը կատարէ այս մասին: Այլ խօսքով, Թուիթըրը կամ Ֆէյսպուքը մեզի կը փոխանցեն Քրակմենի հիմնական նորութիւնները, եւ մենք այլեւս պարտաւոր չենք զգար հետեւելու Քրուկմենի պլոկին` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ կը գրէ ան:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ ա՛յն փոփոխութիւնը, որ պլոկներն ու կայքերը կը սպառնան օրաթերթերուն եւ շաբաթաթերթերուն, Ֆէյսպուքն ու Թուիթըրը կը սպառնան պլոկներուն: Պլոկները թերեւս նոյնիսկ առիթը պիտի չունենան դասուելու անցեալի լրատուամիջոցներու շարքին, երբ ճամբու դրուին: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս սմարթֆոնը եւ թուային նիւթեր կարդացող գործիքները (թապլեթ) իրենց ներգործութիւնը պիտի ունենան այս փոփոխութեան  վրայ: Արդեօք օր մը անոնք ընթերցողները պիտի մղե՞ն վերադառնալու նախկին լրատուամիջոցներուն, անհատներուն կամ բարեկամներով ղեկավարուող Թուիթըրի նման հաստատութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )