27-29 ԱՊՐԻԼԻՆ ԵՒ 1 ՄԱՅԻՍԻՆ. «ԱՊԱԳԱՅ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՌԻՊԱՔ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՄԻՇԵԼ ՄԸՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, 27-29 ապրիլին եւ 1 մայիսին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ապագայ աստղերու Ռիպաք»ի մրցաշարք մը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու մարզիչներուն:

Տեղի պիտի ունենան չորս տարբեր դասակարգի մրցաշարքեր` 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

27-29 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ լաւագոյն խաղացողներուն ընտրութիւնը, իսկ 1 մայիսին` խումբերուն միջեւ մրցում, բնականաբար բոլոր դասակարգերուն մէջ:

Ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին նպատակն է փնտռտուքը եւ յայտնաբերումը ապագայ խոստացող մարզիկներու, որոնց նկատմամբ գուրգուրանքով Լիբանան կրնայ ունենալ պասքեթպոլի աստղեր:

Նշենք, որ այդ յայտնաբերուող տաղանդները պիտի մարզուին լիբանանցի անուանի մարզիկներու կողմէ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` Ռոնի Ֆահտ, Էլի Սթեֆան, Պասեմ Պալաա, Ռոյ Սըմահա, Էլի Ռըսթոմ, Ղալեպ Ռիտա, Նատիմ Սայիտ, Միկել Մարթինեզ, Մազեն Մընէյմնէ եւ Ռոտրիկ Աքլ:

Share this Article
CATEGORIES