ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԻՐՔԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ 7-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

Նախարար Պօղոսեան եւ պատգամաւոր Գալստեան` Համազգայինի հրատարակութեանց բաժինին մէջ

Հայաստանի Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկապատանեկան գրադարանին մէջ 21 ապրիլին սկսաւ «Գիրքի երեւանեան 7-րդ միջազգային տօնավաճառ»ը` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային միութեան հետ համագործակցութեամբ: Տօնավաճառ-ցուցահանդէսին առնչութեամբ տեղի ունեցան նոր լոյս տեսած գիրքերու շնորհահանդէսներ, նաեւ` տարբեր ձեռնարկներ զանազան տարիքի երեխաներու համար: Հայրենի 50 եւ աւելի հրատարակիչներ ներկայացուցին շուրջ 2 հազար գիրք:

Միջազգային տօնավաճառին առաջին անգամ կը մասնակցի նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը` իր հայաստանեան հրատարակութիւններով եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը իր բազմաթիւ հրատարակութիւններով:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը ներկայացաւ շուրջ 200 հրատարակութիւններով` ներկայացնելով պատմական, մանկապատանեկան եւ գեղարուեստական գրականութեան պատկառելի հրատարակութիւններ:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառին շարք մը մշակութային գործիչներ, ինչպէս` Լեւոն Անանեան, Էդուարդ Միլիտոնեան եւ Սարգիս Մուրատեան ողջունեցին Համազգայինի մասնակցութիւնը:

Համազգայինի մասնակցութիւնը ցուցահանդէս-տօնավաճառին ողջունեցին նաեւ` Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկապատանեկան գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեան եւ Հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշեց, որ պետութիւնը պէտք է կարելիութիւն ստեղծէ, որպէսզի գրողը կարենայ տպագրել իր գիրքերը, ինչպէս նաեւ օգնէ, որպէսզի գիրքը հասնի ընթերցողին: «Պէտք է խթանել տպագրման ամբողջ հոլովոյթը, խթանել նաեւ նմանատիպ ցուցահանդէսները», շեշտեց Յ. Պօղոսեանը` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը բազմաթիւ քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի կարենանք գրատպութեան 500-ամեակը յաւուր պատշաճի նշել:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան: Ան կարեւոր նկատեց հրատարակչական մէկ դաշտի մէջ համահայկական  գրական եւ հրատարակչական ներուժի հունաւորումը:

Ի շարս Հայաստանի մէջ հրատարակուած տասնեակ գիրքերուն, մայիս ամսուան ընթացքին Ցիւրիխի մէջ տեղի ունենալիք գիրքի միջազգային տօնավաճառին առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուին նաեւ Համազգայինի տասնեակէ աւելի հրատարակութիւնները:

Յայտնենք, որ երկու շաբաթներ առաջ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայաստանի Հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեանի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի եւ Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի ներկայութեամբ:

Այս հանդիպումին հրատարակչական միացեալ ծրագիրներու մշակման ու հրատարակչական գործունէութեան ծաւալման քննարկումներ կատարուեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES