«Սենտի» Փոթորիկը Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրապայքարի Կենսական Վերջին Շաբաթը Կը Խանգարէ

Միացեալ Նահանգներ ուղղուող «Սենտի» փոթորիկը Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուները ստիպեց ժամադրութիւնները վերատեսութեան ենթարկել եւ ընտրական հաւաքներ ջնջել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արտակարգ դրութեան պատասխանատուներուն հետ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար փոթորիկի դիմակայման քայլերը: Ժամական 120 քիլոմեթր արագութեամբ փչող փոթորիկը, որ շատ հաւանաբար այսօր Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափը հարուածէ, կրնայ առաւել եւս զօրանալ` միանալով շրջանին մօտեցող ձմեռնային փոթորիկի մը:

Նիւ Եորքի կառավարիչը յայտարարեց, որ քաղաքի փապուղիներու, փոխադրակառքերու եւ շոգեկառքերու համակարգերը կիրակի գիշերուընէ սկսեալ կը դադրին գործելէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող շարք մը նահանգներ եւ 60 միլիոն ամերիկացիներ կրնան վնասներ կրել փոթորիկէն, որ Քոպայի մէջ աւելի քան 130 հազար բնակարան քանդած էր:

«Սենտի» անցեալ շաբաթ Քարայիպեան կղզիներու շրջանին մէջ 60 զոհ պատճառած էր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES