Օպամա Ռոմնին Ընդամէնը Մէկ Կէտով Կը Գերազանցէ
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ներկայ պահուս Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր մրցակից Միթ Ռոմնիի վարկանիշերուն միջեւ ընդամէնը մէկ կէտի տարբերութիւն կայ:
Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը երկրորդ նստաշրջանի մը համար պատրաստ են վերընտրելու ամերիկացիներուն 47 առ հարիւրը, իսկ հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուին ի նպաստ քուէարկելու համամիտ է հարցախոյզին մասնակից ամերիկացիներուն 46 առ հարիւրը:
CATEGORIES Միջազգային

