Յուշատետր. Օրուան Ժամերը

Ռ. Հ.

Չեմ կրնար պնդել թէ բոլորին համար այդպէս է, բայց կրնամ պնդել, որ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութեան համար օրուան իւրաքանչիւր ժամը տարբեր դիմագծութիւն մը ունի եւ այդ ժամերը ամէն օր այդ դիմագծութեամբ է, որ կը կրկնեն իրենք զիրենք: Այսպէս, առտուան ժամը ութը տարբեր դիմագծութիւն մը ունի, առտուան ժամը տասը` տարբեր: Կէսօրէ վերջ ժամը երկուքը տարբեր բան մը կը նշանակէ, իրիկուան վեցը կամ եօթն ալ բոլորովին տարբեր դէմք մը ցոյց կու տան մեզի: Գիշերուան տասնմէկը կամ տասներկուքը բնականաբար ունին իրենց մասնաւոր դիմագծութիւնն ու նշանակութիւնը, իսկ առտուան դէմ երեքը, չորսը, հինգը մեզի համար ունի մութին մէջ մնացած դիմագծութիւններ:

Երբեմն բան մը կրնայ շեղիլ այս դիմագծութիւններուն մէջ, երբեմն ժամերը կրնան կորսնցնել մեզի համար իրենց ունեցած ամէնօրեայ դիմագծութիւնն ու նշանակութիւնը, բայց ընդհանրապէս ամէն օր այդ ժամերը մեր դիմաց կ՛ելլեն այնքան անփոփոխ պատկերներով մեր դիմաց կ՛ելլեն այնքան անփոփոխ պատկերներով, որքան անփոփոխ պատկերներով մեր դիմաց կ՛ելլեն մեր բարեկամները, մեր գործակիցները մեր դրացիները:

Մեր կեանքի միօրինակութեան ցուցանիշներէն մէկն է այս: Այսպէս է, որ գրեթէ ամէն օր նոյն ժամուն կ՛արթննանք, նոյն ժամուն կը նախաճաշենք, նոյն ժամուն մեր գործին կ՛երթանք, նոյն ժամուն կը խմենք առտուան մեր սուրճը, նոյն ժամուն կը ճաշենք: Ասիկա այսպէս կը շարունակուի մինչեւ գիշեր, մինչեւ անկողին մտնելու ժամ: Միօրինակութիւն մը իսկապէս: Բայց մենք այդ մէկը կ՛ընդունինք ո՛չ թէ որպէս միօրինակութիւն, այլ որպէս կեանքի կենսունակութիւն, որպէս ապրումներու առողջ կրկնութիւն ու տեւականացում: Այս միօրինակութիւնը կեանքի միւս միօրինակութիւններուն նման մեզի չի ձանձրացներ, մեզի սրտնեղութիւն ու յուսահատութիւն չի պատճառեր, մեզ այդ միօրինակութենէն փրկուելու չի մղեր: Ընդհակառակը, շատ երջանիկ ենք, երբ մենք ամէն օր օրուան ժամերուն մէջ կը գտնենք մեզի ծանօթ, մեզի սիրելի գիծերը: «Ասիկա արթննալու ժամս է», «ասիկա առտուան սուրճիս ժամն է», «ասիկա սա կամ նա բարեկամս փնտռելու ժամս է», «ասիկա հեռատեսիլին դիմաց լուրերու հետեւելու ժամս է», «ասիկա առտուան սուրճիս ժամն է», եւ այլն: Ո՛չ մէկը պիտի գանգատի` «Նորէ՞ն արթննալու ժամը եկաւ, նորէ՞ն առտուան սուրճի ժամն է, նորէ՞ն բարեկամի մը հետ խօսելու ժամը հասաւ» եւ այլն ըսելով:

Անշուշտ որ մեր օրերու ժամերը, ժամացոյցի մը համաձայն քալելով հանդերձ, ժամացուցային ճշգրտութեամբ չէ՛, որ կ՛իրականացնեն մեզի հաճելի այդ մօրինակութիւնը: Երբեմն պիտի պատահի, որ օտար պատահար մը, անսովոր նորութիւն մը, անակնկալ իրադարձութիւն մը բան մը փոխէ մեր սիրելի ժամերուն այդ դիմագծութեան մէջ: Այս փոփոխութիւնը կրնայ պատահիլ ուրախ եւ երջանիկ իրադարձութեամբ մը: Բայց հակառակն ալ կրնայ պատահիլ: Մարդիկ երբեմն պիտի ունենան իրենց «չար ժամը»: Այդ չար ժամը տակնուվրայ պիտի կարենայ ընել մնացեալ ժամերու սովորական դիմագծութիւնը, պիտի խանգարէ այն յայտագիրը, որ կը կրկնուէր ամէն օր: Ատիկա պիտի ըլլայ թերեւս կարճ ժամանակի մը համար, միայն մէկ օրուան համար, թերեւս մէկ-երկու օրուան համար, թերեւս ալ աւելի երկար ժամանակի մը համար, բայց ինչ որ ալ պատահի, որոշ ժամանակ մը վերջ մարդ պիտի վերադառնայ իր օրուան ժամերու նոր դիմագծութիւններու նոր յաճախականութիւն մը: Միջին հաշուով, Մայր Բնութիւնը այնպէս կարգադրած է, որ մարդիկը պարտաւոր ըլլան ամէն օր իրենք զիրենք կրկնելու: Երկրագունդի վրայ հազար մարդու միջեւ մէկ հոգի կա՞յ արդեօք, որ ամէն օր ամէն ժամ տարբեր կեանք մը ապրի, ինքզինք յանձնէ տարբեր զբաղումի մը, ամէն օր տարբեր կենսագրութիւն մը գրէ:

Եթէ օրուան ժամերը մեզի մէկ-մէկ վաղեմի ու սիրելի բարեկամ նկատէինք, առտուան ժամերէն մինչեւ գիշերուան ժամ, կարծես կարգաւ պիտի սեղմէինք մեր այդ բարեկամներուն ձեռքը եւ պիտի ըսէինք.

– Եկա՞ր, լաւ ըրիր, որ երկար, բարի եկար: Եկուր` քիչ մը զրուցենք միասին:

Եւ զանոնք ճամբելու ընթացքին ալ պիտի ըսէինք.

– Երթաս բարով, մի՛ մոռնար վաղը դարձեալ գալ:

Բայց օրուան մէջ ունինք նաեւ քանի մը ժամեր, որոնք մեր այն բարեկամներն են, որոնց երեսը չենք տեսներ, որոնց ձեռքը չենք սեղմեր: Ասոնք մեր քունի ժամերն են, մեր անգիտակից ժամերը, մեր կեանքին թերեւս ամէնէն անբախտ, բայց ամէնէն կազդուրիչ ժամերը: Անոնք կու գան ու բարի հրեշտակի մը նման կը հսկեն մեր վրայ, առանց որ մենք տեսնենք զանոնք, առանց որ մենք զգանք անոնց սիրելի ու տաքուկ դիմագծութիւնը: Կու գան, երբ մենք արդէն քնացած ենք եւ գացած են արդէն, երբ մենք կ՛արթննանք: Երբ կ՛արթննանք, չենք իսկ մտածեր անոնց մասին: Կը մտածենք միայն ան միւսներուն մասին, որոնք պիտի սկսին գալ իրերայաջորդ կերպով:

Եթէ պատահի, որ գիշեր մը անժամանակ արթննաք, չկարենանք քնանալ, յուսահատօրէն նայիք ձեր շուրջը, այն ատեն է, որ պիտի տեսնէք ձեր առօրեային այդ անսովոր ու անծանօթ ժամերը:

Եւ պիտի զարմանաք:

Պիտի հարցնէք.

– Ես այսպիսի ժամե՞ր ալ ունէի:

 

Share this Article
CATEGORIES