«Ռուսիա Վճռակամ Է Իրանի Դէմ Ուժի Կիրարկման Որեւէ Փորձ Արգիլելու» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը արգելք պիտի հանդիսանայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրման որեւէ որոշումի, որ կրնայ Իրանի դէմ զինուորական քայլերու դիմելու իբրեւ արտօնութիւն մեկնաբանուիլ:

Լաւրով պետական «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլի կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դիմելու կարելիութեան ակնարկեց:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ «այդ առումով (Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու) որեւէ նենգամիտ մեկնաբանութիւն պիտի չարտօնենք»` վստահեցնելով, որ իրենք աշխատանք պիտի տանին, որ «որեւէ որոշում Լիպիոյ շուրջ որոշումին նման ազատ մեկնաբանութեանց առիթ չընծայէ»:

Share this Article
CATEGORIES