«Երկխօսութիւնը Վսեմագոյն Եւ Միակ Միջոցն Է Երկրին Հարցերը Լուծելու» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ Միշել Մըր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ եւ վսեմագոյն միջոցն է երկրին հարցերուն լուծումներ գտնելու առումով: Ան հաստատեց, որ վայրագութիւնը եւ հայրենիքին պաշտպանութեան նպատակէն բացի զէնքի ուժին դիմելը ոչ մէկ հարց կամ տարակարծութիւն կրնայ լուծել:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բաց մտքով եւ սրտով կատարուելիք երկխօսութեան մեկնակէտը կը կազմեն երկրին գերագոյն շահերը, որոնք կ՛ապահովեն երկրին կայունութիւնը` արտաքին վտանգներուն դէմ, ինչպէս` Իսրայէլին, ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի դէմ անոր գործած յարձակումներուն եւ թիւ 1701 բանաձեւին խախտումներուն դէմ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց բոլորին ըմբռնելու Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական ներկայ զգայուն կացութիւնը եւ զգուշանալու երկրին մէջ գրգռութիւններուն հրահրումէն:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց անցնելու դէպի լիբանանեան պետութեան հանգրուան:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ առնելու իմաստով նախարարութեան որդեգրած քայլերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու Ազգային երկխօսութեան նիստի կայացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ ինք զօրակցութիւն յայտնած է նախագահ Սլէյմանի առնելիք քայլերուն` աւելցնելով, որ ինք կատարեալ վստահութիւն ունի դժուար կացութիւններուն ընթացքին նախագահ Սլէյմանի իմաստութեան վրայ:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES