ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց գործավար նախարար Ալի Շամի երէկ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Նաուաֆ Սալամէն պահանջեց համաձայն չգտնուիլ Սուրիոյ վերջին անցուդարձերուն շուրջ Ապահովութեան խորհուրդին տալիք հաւանական որոշումին:

ԱՊՕՐԻՆԻ ձեւով տեղադրուած ծանուցումներու վերացման քայլերու երկրորդ եւ վերջին հանգրուանը ընթացք կ՛առնէ այսօր առաւօտուն եւ կը տեւէ մինչեւ վաղը` հինգշաբթի երեկոյ, Պէյրութի վարչական շրջաններուն` Թանգարան, Թայյունէ եւ Մազրաա շրջաններուն մէջ:

Ամէն տեսակի ինքնաշարժերու վարորդներ, ցոյց մը պիտի կազմակերպեն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին` խորհրդարանին առջեւ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու յատուկ խմբակներ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին յատուկ միջոցառումներու դիմելով յաջողեցան իրենց հակակշիռին տակ առնել Ռումիէի բանտին «Պէ.» եւ «Տէ.» բաժիններուն մէջ վերստին ծայր առած ըմբոստութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներուն հաստատումով, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այսօր Սուրիայէն կը վերադառնայ Պէյրութ` նախագահ Պաշշար Ասատի եւ սուրիացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ Դամասկոսի մէջ ունեցած իր միօրեայ խորհրդակցութիւններէն ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES