Ալիեւ – Կիւլ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Տեղի Ունեցած Է
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի օր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է:
Ըստ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, Ալիեւ շնորհաւորած է Կիւլի տարեդարձն ու Թուրքիոյ ազգային տօնը` հանրապետութեան օրը:
«Նշելով երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը` նախագահները վստահութիւն յայտնած են, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերը հետագային եւս պիտի ամրապնդուին», կը յայտնէ «Ազատութիւն»-ը:
CATEGORIES Միջազգային

