Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Քաղաքացիներուն Թղթածրարը` Տեղքայլի Մէջ
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարը տեղքայլի մէջ է. վիճակ մը, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները մղեց հրապարակելու հաղորդագրութիւն մը եւ մեղադրելու արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին` իրենց հարազատներուն վերաբերող նիստերէն զիրենք հեռու պահելու յանցանքով:
Առեւանգեալներուն հարազատները պահանջեցին ներկայ գտնուիլ նիստերուն` շեշտելով, որ իրենց ներկայութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, առեւանգեալներու թղթածրարի հարցին հետեւելու նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զուղէյպ շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն պատասխանատուն թրքական պետութիւնն է` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պատասխանատու է առեւանգեալներուն թղթածրարին եւ անոնց ապահով ու ողջ-առողջ տունդարձին:
CATEGORIES Լիբանանեան

