Կոլ Որոշող Համակարգեր ՖԻՖԱ-ին Կողմէ Արտօնագիր Ստացան

Կոլ որոշող ելեկտրական համակարգեր արտադրող երկու ընկերութիւններ` կոլֆրեֆ եւ հոք-այ, վերջերս, ՖԻՖԱ-ին կողմէ արտօնագիր ստացան:

ArmFootball.com մարզական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ այժմ երկու համակարգերն ալ կրնան զետեղուիլ ՖԻՖԱ-ին կողմէ որոշուած, աշխարհի մէջ գտնուող որեւէ մարզադաշտի մէջ:

Նախորդ յուլիսի սկիզբը, ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջազգային խորհուրդը հաստատած էր ելեկտրական համակարգերու օգտագործման իրաւունքը:

Կը կարծուի, որ առաջին անգամ նմանօրինակ համակարգ պիտի օգտագործուի եւ կիրարկութեան մէջ դրուի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ դեկտեմբերին` Ճափոնի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES