Արտաւազդ Քարամեան Վերադարձաւ Ֆութպոլի Դաշտերը Եւ Նշանակեց Երկու Կոլ
Ռումանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պուֆթէան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆարուլի դաշտին վրայ իր կատարած ճակատումին:
ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արտաւազդ Քարամեան, որ դարձեալ վերադարձաւ ֆութպոլի դաշտերը, դաշտ ներկայանալով 90 վայրկեան նշանակեց յաղթական կազմին երկու կոլերը (60-րդ եւ 63-րդ):
Նշենք, որ Արտաւազդի եղբայրը` Արման, որ իր կարգին անցեալին լքած էր ֆութպոլը, կը մտադրէ մաս կազմել իր եղբօր ակումբին, սակայն այս տարեշրջանին այդ մէկը կրնայ չպատահիլ:
CATEGORIES Մարզական

