Հիւսիսարեւելեան Միացեալ Նահանգները Կը Սկսին Վերստին Ոտքի Կանգնելու Եւ «Սենտի»-ի Պատճառած Վնասները Հաշուելու Աշխատանքին

«Սենտի» փոթորիկին պատճառած աւերը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ «Սենտի» փոթորիկը արդէն կը հեռանայ հիւսիսարեւելեան Միացեալ Նահանգներու ափերէն, ուր հակառակ մեծ վնասներուն, գործատեղիները կը վերսկսին իրենց դռները բանալու:

Միլիոնաւոր մարդիկ մնացած են առանց ելեկտրականութեան, քանդուած են բազմաթիւ բնակարաններ, կաթուածահար եղած են փոխադրամիջոցները: Մինչ «Պի.Պի.Սի.» յայտնեց, որ «Սենտի»-ի պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը 40 է, «Սի.Էն.Էն.» նշեց, որ զոհերուն թիւը 101-ի բարձրացած է:

Կաթուածահար եղած է օդային հաղորդակցութիւնը, «Սենտի»-ի պատճառով չեղեալ նկատուած է առնուազն 18 հազար թռիչք: Մրցանշային 4 մեթր բարձրութեամբ ալիքներ լեցուած են Նիւ Եորքի փապուղիները:

Փոթորիկը կաթուածահար ըրած էր նաեւ Նիւ Եորքի սակարանը:

Նիւ Ճըրզիի մէջ վնասներ կրած են աւելի քան 2.5 միլիոն ընտանիքներ, իսկ փոթորիկէն ետք ծովափին վրայ մնացած բեկորներու բարձրութիւնը անցած է 2 մեթրը:

Կը նախատեսուի, որ «Սենտի»-ի վնասները վերականգնելու համար ծախսուի 30-40 միլիառ տոլար: Ատիկա զգալի կերպով քիչ է 2005-ի փոթորիկին պատճառած վնասէն: Օրին Միացեալ Նահանգները 100 միլիառ տոլար ծախսած էին:

Share this Article
CATEGORIES