Մոսկուա Կը Հաստատէ Սուրիական Օդանաւի Բեռը Վերադարձնելու Շուրջ Ռուս-Թրքական Բանակցութիւններու Լուրը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ «Ռուսիա Անգարայի հետ բանակցութիւններ կը վարէ 11 սեպտեմբերին Մոսկուայէն դէպի Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւէն թրքական իշխանութեանց գրաւած բեռը վերադարձնելու շուրջ»:

Ան ըսաւ, որ «Անգարա բեռը ռուսական կողմին յանձնելու թուականը չփոխանցեց»` նշելով, որ «բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ, ըստ իմ գիտութեանս, տակաւին գործնական որեւէ քայլ չէ առնուած»:

Յայտնենք, որ «Քոմերսանթ» օրաթերթը օրեր առաջ նշած էր, որ այս հարցով բանակցութիւններ կը կատարուին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES